
ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը եւ Ատրպէյճանի նախագահին կից ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը, Թուրքիոյ մէջ կայացող «Ատրպէյճանի շաբաթ» ծրագիրի ծիրէն ներս, Իգտիր քաղաքին մէջ խորհրդաժողով մը կատարած են։
Ատրպեճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են ատրպէյճանցի եւ թուրք շարք մը մտաւորականներ ու մասնագէտներ, նուիրուած էր թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քննարկման։
Խորհրդաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած անձերը ընդգծած են, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ընդհանուր խնդիրն է, եւ թէ երկու երկիրներու հասարակութեան յառաջատար շրջանակները այդ ուղղութեամբ ընդհանուր գործունէութիւն պէտք է ծաւալեն։
Միւս կողմէ, ատրպեճանական «1նիուզ.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով, թրքալեզու երկիրներու լրատուական երկրորդ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներու յայտնած է, թէ վերջին տարիներուն, աւելի ճիշդ 2001էն սկսեալ, ամբողջ աշխարհին մէջ հակաիսլամական քարոզարշաւ տեղի կ՛ունենայ։ Հասանով ըսած է, որ իբրեւ թէ որոշ երկիրներ, յատկապէս Հայաստանը, հակաթրքական քարոզարշաւ կը կատարեն՝ օրակարգի վրայ ունենալով 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։
«Բացի ատկէ, որոշակի ճնշում կը գործադրուի Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող միջազգային նախագիծերու վրայ», ըսած է ան։ Հասանով աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ անհրաժեշտ է համընդհանուր թրքական աջակցութիւն ցուցաբերելը։ «Այդ բոլորը հաշուի առնելով՝ այսօրուան միջոցառման ժամանակ, ես թրքական երկիրներուն կոչ ուղղեցի իրենց զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ բարձրացնելու թրքական երկիրներու ժողովուրդներուն խնդիրները, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն տրամադրել այդ երկիրներու մշակոյթներուն եւ զարգացման մասին», յայտնած է ան։