
ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերին, Երեւանի քաղաքապետը հաստատեց իր հրաժարումին մասին լուրերը: Երէկ, քաղաքապետի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս ստանձնեց մայրաքաղաքի առաջին փոխքաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Ըստ օրէնքի, քաղաքապետի հրաժարումէն ետք, մէկ ամսուան ընթացքին Երեւանի աւագանին պէտք է ընտրէ նոր քաղաքապետ մը:
Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի անակնկալ հրաժարականի պատճառներուն մասին տարբեր մեկնաբանութիւններ կան: «ԱրմՆիուզ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, քաղաքապետը յայտնած է. «Այո՛, ես հրաժարական պիտի տամ, որովհետեւ այլ աշխատանքի պիտի անցնիմ, նաեւ կան որոշ անձնական բնոյթի պատճառներ, որոնցմով հանրութիւնը ծանրաբեռնելը կը կարծեմ ճիշդ չէ»:
Կարապետեան չէ հերքած կամ հաստատած, որ կրնայ բարձր վճարումով այլ պաշտօնի մը անցնիլ Ռուսիոյ մէջ: Ան պարզապէս յայտնած է, որ պաշտօնը ձգելու իր որոշումը կայացուցած է մեծ դժուարութեամբ: Կարապետեան հայցած է երեւանցիներուն ներողամտութիւնը, եթէ չէ արդարացուցած անոնց յոյսերը:
Կարապետեան հերքած է այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց, իր հրաժարականը առնչուած է նախագահ Սարգսեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ իրեն ունեցած որոշ տարակարծութեանց հետ: «Ե՛ւ նախագահի կողմէ, ե՛ւ կուսակցութեան կողմէ ցուցաբերուող վստահութիւնը եղած է անսահմանափակ», նշած է ան:
Տարօն Մարգարեան նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի զաւակն է: Իբրեւ Աւան շրջանի թաղապետ, ան մեծ համակրանք վայելած է թաղի բնակիչներուն մօտ: