ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թուրքիա այցելած ԵԱՀԿի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2ին յայտարարած է, թէ Թուրքիա կարեւոր դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն մէջ:
Ան յայտնած է, թէ իբրեւ երկու պետութեանց դրացի երկիր՝ Թուրքիա պէտք է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը քաջալերելու նպատակով քայլերու դիմէ, եւ աւելցուցած է, որ եթէ կարելի չըլլայ տագնապին լուծում մը գտնել, ապա ամէն ջանք պէտք է թափել՝ կացութիւնը չվատթարացնելու համար:
Զանիէր նաեւ ընդունած է, թէ ԵԱՀԿի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ցարդ չեն կրցած յառաջդիմութիւն ապահովել, որովհետեւ «բան մը կը պակսի»:
Յայտնենք, թէ Զանիէր Երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, եւ շարք մը այլ հարցերու կողքին, քննած էր նաեւ Կովկասի կայունութեան առնչուող խնդիրներն ու ձգձգուած հակամարտութիւններու կարգաւորման կարելիութիւնները: