ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նորագոյն խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ցուցակէն ընտրուած երեսփոխան, տխրահռչակ հակահայ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլու արդէն իսկ նոր գործի լծուած է։
Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերակցութեան նախկին նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու յայտնած է, թէ կը պատրաստուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարելու նպատակով՝ յատուկ մարմին մը ստեղծելու։
Կը նշուի, որ նման մարմին մը կազմելու աշխատանքին իր համաձայնութիւնը արտայայտած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքը, որ նոյնպէս յայտնի է իր հակահայ յայտարարութիւններով։
Հալաճօղլու նշած է, թէ կը մօտենայ 2015ը, եւ հայերուն դէմ դնելու համար պէտք է քայլերու ձեռնարկել։ «Այս նիւթը կուսակցական խնդիրներէ վեր է։ Հայերը կը պատրաստուին 1915ի 100ամեակին։ Մեր խորհրդարանի կուսակցութիւնները միջազգային մակարդակի անհրաժեշտ աշխատանքներ պէտք է կատարեն», ըսած է Եուսուֆ Հալաճօղլու։