ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 4 Նոյեմբերի երեկոյեան, Դպրեվանքէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական «աղօթքի մրցում»ը, որուն մասնակցեցան Ա. Ժառանգաւորաց դասարանի հինգ նորեկ սաները։
Բացման խօսքը կատարեց Վիգէն Կիս. սրկ. Քիւրքլեանը եւ աղօթքի կարեւորութիւնը շեշտեց, ըսելով.- «Աղօթքով մեր սրտերուն դռները կը բանանք հիւրընկալելու համար զԱստուած, որպէսզի Ան աշխարհիկ հոգերով ծանրացած մեր սրտերը բիւրեղացնէ Իր աստուածային ճառագայթով»։
Ապա, հինգ ժառանգաւորները հերթաբար բեմ բարձրացան եւ համարձակութեամբ արտասանեցին իրեց պարտադիր եւ ընտրովի աղօթքները։
Դատական կազմի անդամներու կարճ խորհդակցութենէն ետք, հետեւեալ արդիւքները յայտարարուեցան.- Յիշատակութեան արժանի հանդիսացան Գէորգ Քէշիշեան եւ Սարգիս Սարգիսեան, երրորդ՝ Շահէ Եագուպեան, երկրորդ՝ Յարութիւն Տէր Վարդանեան եւ առաջին՝ Մկրտիչ Քիւրիւմլեան։
Փակման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ Սրբազանը մեծապէս գնահատեց հինգ սաները, որոնք կարճ ժամանակի մէջ սորված էին իրենց յանձնարարուած աղօթքները, ընդգծեց անհատական եւ հաւաքական աղօթքին ներգործութիւնը դպրեվանեցիներու ամէնօրեայ կեանքին մէջ եւ համապատասխան նուէրներ փոխանցեց հինգ ուսանողներուն։
Երեկոն աւարտեցաւ սրբազան հօր «Պահապանչ»ով։