
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Վերջերս Պէյրութի «Մասսարա ալ Մատինա» համերագսրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Միհր» նուագախումբը, ներկայացնելով «Ազգի մը պտոյտը» խորագիրը կրող ծրագիր մը: Համերգը կայացաւ ժամանակագրական երկու բաժինով, որուն առաջինը կը ներկայացնէր 18րդ դարու Արեւմտեան Հայաստանը՝ անցելով 1880ականներէն ու հասնելով մինչեւ ներկայ ժամանակները: Նկարիչներ Գրիգոր Աւէսեանի եւ Մուշեղ Գարավարդանեանի շնորհիւ ցուցադրուած տեսարաններուն կողքին՝ նուագախումբը ներկայացուց հայու կեանքի ամէնօրեայ ընթացքը եւ յանկարծակի փոփոխութիւնները, որոնք ազդեցիկ կերպով փոխեցին անոր կեանքը: Երաժշտութիւնը կեդրոնացած էր ժողովրդական երգերու վրայ, որոնք կ՛անցնէին դարաշրջաններու միջով: Այնտեղ էր կեանքի ամէնօրեայ իրադարձութիւններէն մինչեւ հարսանեկան ու յեղափոխական երգերը:
«Միհր» հայկական-լիբանանեան նուագախումբը ստեղծուած է Պէյրութի մէջ 2007ին: Անոր ինքնատիպութիւնը կը կայանայ իր իւրայատուկ ոճին մէջ, որ հայ աւանդական երաժշտութեան տարրերն ու ոգին կը միաձուլէ արդիականին հետ: