ՄԱԼԻՆԻՆԿՐԱՏ.- Ռուսիոյ Քալինինկրատ մարզին մէջ ռուս-լեհական սահմանին վրայ ձերբակալուեցաւ երեք հոգիէ բաղկացած հայ ընտանիք մը, որ կը փորձէր ապօրէն կերպով մուտք գործել Եւրոմիութեան տարածք։ Այսպէս, ըստ լուրին, հայ ընտանիքը ձերբակալուած է սահմանէն 70 մեթր հեռաւորութեան վրայ. հայրը, մայրն ու քանի մը ամսուան զաւակը։ Անոնց քով իրերով լեցուն պայուսակ մը կար, սակայն որեւէ փաստաթուղթ չկար։ Ձերբակալեալները ըսին որ Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ կը փորձէին Եւրոմիութիւն հասնիլ՝ լաւ կեանքի մը երազով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.