ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսահայ համայնքի անունով, պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան Ուրբաթ, 4 Նոյեմբերի առաւօտեան օդանաւով Վան մեկնած է, երկրաշարժէն տուժած հայրենակիցներու համար հայ համայնքին գոյացուցած 40 հազար թրքական լիրան յանձնելու համար Վանի կուսակալին։
Թաթուլ Ծ. վարդապետ, համայնքին անունով Վանի կուսակալին յայտնած է վշտակցութիւններ՝ այս ցաւալի աղէտի կապակցութեամբ, եւ տեղեկութիւններ քաղած աղէտի հետեւանքները չքացնելու նպատակով գործադրուած աշխատանքներուն մասին։