
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Նոյեմբեր 7ին հանդիպած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրնի հետ՝ վերջինիս ներկայացնելով Հայաստանի ներքաղաքական վիճակին մասին Հայ Ազգային Կոնգրեսին տեսակէտները։ Տէր Պետրոսեան մասնաւորaապէս անդրադարձած է երկրին մէջ տիրող կաշառակերութեան, ժողովրդավարական ազատութիւններու բացակայութեան, կեղծուած ընտրութիւններուն, լրատուամիջոցներու ազատութեան սահմանափակումներուն եւ իբրեւ հետեւանք՝ Հայաստանին սպառնացող լրջագոյն մարտահրաւէրներուն՝ յատկապէս նշելով ահագնացող արտագաղթի խնդիրը:
Նախագահ Տէր Պետրոսեան նաեւ ներկայացուցած է ՀԱԿի մօտեցումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ: