ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան Նոյեմբեր 7ին հանդիպած է աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած իր վրացի գործընկեր Կրիկոլ Վաշածէին, որուն հետ զրոյցի ընթացքին ան դրական գնահատած է հայ-վրացական աշխոյժ եւ կանոնաւոր քաղաքական երկխօսութիւնը եւ նշած, որ ատիկա պիտի օգնէ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման:
Հայ-վրացական օրակարգին առնչուող հարցերու կողքին, կողմերը անդրադարձած են յառաջիկայ երկկողմանի փոխայցելութիւններու ժամանակացոյցին, Նոյեմբեր 18-19ին նախատեսուած միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին, հայ-վրացական քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային, մշակութային եւ իրաւապայմանագրային դաշտին, ինչպէս նաեւ վիրահայութեան ու æաւախքին առնչուող հարցերու:
ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ զրուցած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մասին՝ յատկապէս ընդգծելով, որ հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհով, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ: