ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ինչպէս արդէն խորագիրս կը թելադրէ, հայրենի տպաւորութիւններուս հինգերորդ եւ վերջին գլուխը՝ իր ենթաբաժանումներով, հայրենաբնակ հայուն կենցաղային առօրեայ հոգսերուն եւ մտահոգութիւններուն պիտի յատկացնեմ եւ կը խոստանամ այդ մէկը կատարել առանց նախապաշարումի, ինչպէս վայել է հայրենիքի յառաջդիմութեամբ մտահոգ ոեւէ հայու:
Սփիւռքահայ այն մտաւորականները եւ հանրային դէմքերը, որոնք հայրենիք կ՛այցելեն ծափահարուելու ու գնահատուելու ակնկալութիւններով, այդպիսիները յաճախ իրենց կրաւորականութեամբ, հայրենի ժողովուրդին տագնապումներուն անհաղորդ մնալով՝ նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար արջի ծառայութիւն կը մատուցանեն հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին, եւ ինչու չէ նաեւ՝ հայ պետականութեան։
Ծանօթ իրողութիւն է, թէ մարդիկ ընդհանրապէս եւ մեր պետական այրերն ու հայրենի եղբայրները բացառաբար, դժուարութեամբ կ՛ընդունին քննադատութիւնը, եւ մասնաւորապէս դիմացինէն նո՛րը, լաւագոյնը ընկալելու, սորվելու առաքինութիւնը յաճախ չէ որ կը դրսեւորեն։
Երեսուն տարիէ աւելի իմ մասնագիտութեանս մէջ գործող հայաստանցի արհեստաւորներու մեծամիտ վերաբերմունքին արժանանալու գնով՝ փորձած եմ նորեկը ամերիկեան «թեքնոլոճի»ին եւ աշխատաձեւին ծանօթացնել, բան մը, որուն բովէն չէ անցած, իսկ փոխարէնը՝ անոր հակազդեցութիւնը եղած է՝ «գիտեմ վարպետ»ի կամ «իմանում եմ շեֆ»ի նման մեծամիտ ու արտառոց պատասխան մը։
Ու այդպիսի անհեթեթ արտայայտութիւններ լսելէ ետք, սփիւռքահայը ակամայ կը տարուի մտածելով, թէ հայաստանցին ամենագէտ ըլլալու կողքին նաեւ՝ մեծամիտ է։
Այդ իրողութիւնը անգամ մը եւս փաստեցի Հայաստան վերջին այցելութեանս ընթացքին, երբ փորձեցի խոհարարական, կենցաղային ու արհեստավարժական գիտելիքներս դիմացինին փոխանցելով՝ օգնել հայրենի ճաշարանատիրոջ եւ նորեկ գործարարի մը, որ բարելաւէ իր ճաշացուցակը կամ գործի որակը։ Չերկարեմ։
ԽՈՀԱՐԱՐ, ԽՈՐՈՎԱԾ ՈՒ…
ՖՐԵՆՉ-ՖՐԱՅԶ
Սկսելու համար, խնդրոյ առարկայ ճաշարանին անունը պիտի զանց առնեմ, ինչպէս նաեւ կեդրոնական թաղամասի մէջ բարձրացող այսպէս կոչուած՝ «Էլիտար» շէնքերու հասցէները, ուր կատարուած անորակ աշխատաոճը աւեր կը գործէ։
Կէսօր է, սոված վիճակի մէջ Աբովեանի վրայ բացուող յայտնի եւ բանուկ ճաշարան մը մտայ ճաշելու։ Կարիքը կա՞յ ըսելու, թէ օտարանուն հաստատութիւն մը, ուր շքեղ ճաշարանի իր անուան նման, հոն մատուցուող հայկական ճաշատեսակներն ալ այլասերած էին՝ կամքովը ճաշարանի տիրոջ կամ ազնուափայլ խոհարարին։
Ինչ որ է, տեղական խոզի խորովածը կարօտցած ըլլալով՝ գարեջուր ու տապակուած գետնախնձորի ընկերակցութեամբ խորոված ապսպրեցի, եւ քանի որ վերը՝ մայթեզրի գլխաւոր տաղաւարին մէջ, առանց բացառութեան գրեթէ բոլորն ալ կը ծխէին, զիս առաջնորդեցին նկուղանման գետնայարկը, ուր ճգնաւորի պէս կիսամութին մէջէն, բերանիս ջուրերը հոսեցնելով ապսպրանքին սպասեցի։
Վերջապէս հասաւ օրհնեալ «խորոված»ը։
Առաջին ակնարկով իսկ անդրադարձայ գործած «կաֆ»իս, որովհետեւ Արմէնը, Հայաստան հաստատուած որդիս, զիս զգուշացուցած էր, որ առանց իրեն հետ խորհրդակցելու ճաշարան չընտրեմ, քանի որ նախորդ տարին, անդրանիկ որդուս հետ, Մատենադարանէն ելլելով սխալմամբ մօտակայ պուրակը բացօթեայ ճաշարան մը մտած էինք, ուր «համպըրկր»ի փոխարէն, քիչ մնաց որ մեզի «շանպըրկր» կերցնէին՝ քանի մը անգամ տապակուած միսի սեփ սեւ գունդը հացին մէջ գլտորելով, բան մը, որ եթէ շնիկիս առջեւ նետէի, անիկա մռութը կախելով անկասկած մէկ կողմ պիտի քաշուէր։
Պնակին մէջէն ինծի նայող կաշիի տեսքով «խորոված»ի չոփ չոր կտորները յուսախաբ սեւեռումով պահ մը դիտելէ ետք, ափսոսացի, որ դարձեալ ինկած էի ճարպիկ խոհարարի մը ծուղակը։ Խորովածի առաջին կտորը ի զուր փորձեցի դանակով կտրտել, ու հակառակ կենցաղագիտական հաւատամքիս՝ յուսահատ՝ ամբողջ կտորը բերանս տարի ու անկարելի գտայ ծամելով զայն կուլ տալը:
Ապուշ չէի, վարկեանին կռահեցի պատահածը։ Փոխանակ խորովածը ածուխի վրայ եփելու, ելեկտրական կիզատուփի «կրիլլ»ի մէջ կարմրցուցած էին եւ ոչ մէկ ճարպի հետք ու համեմունք, ոչ մանտրուած սոխի «փիյազ»ի նշոյլ, ոչ ալ ածուխի վրայ եփած լոլիկ, միայն… ափով ա՛ղ։ Կեանքիս մէջ այսքան անհամ խորովածի չէի հանդիպած։ Ծառայող աղջիկը չկանչած՝ «Ֆրենչ ֆրայզ»ը, այսինքն՝ տապակած գետնախնձորով փորձեցի կտրել քաղցս։ Այդ փորձս ալ նոյն խայտառակութեան առջեւ կանգնեցուց զիս։ Քիչ մնաց ատամներս փշրուէին։ Քիչ ետք ձեռքի շարժումով երբ ծառայող շնորհալի աղջիկը մօտս կանչեցի, անիկա առանց այլ եւ այլի ընդունեց, թէ իրապէս «կրիլլ»ով պատրաստած էին խորովածը։ Եւ երբ հիասթափութիւնս ու դժգոհանքս կը փորձէի յայտնել անոր.
– Բոլորն էլ գժւում են մեր խորովածին վրայ…,- պատասխանեց ան, պարմանուհիի նուրբ ուսերը թոթուելով։
Չգոհանալով աղջկան բացատրութեամբ, քաղաքավար հրաւէր ուղղեցի պարոն խոհարարին, պահ մը սեղանս ներկայանալով՝ գործած աւերին ահաւորութիւնը դիմակալելու համար, սակայն անիկա «ապսպրանքներու տակ կքած» ըլլալով՝ մերժեց հանդիպիլ։ Եթէ պատահմամբ սեղանս պատուէր ան, բաժակ մը գարեջուր պիտի ապսպրէի իրեն համար եւ հետեւեալ խորհուրդը տայի սիրողական խոհարարէ՝ արհեստավարժ խոհարարին:
– Յարգելի շե՛ֆ ջան, այս պահուս դիմացդ կիսաքաղց նստող սփիւռքահայը, շուտով խոհարարական գիրքի հեղինակ պիտի դառնայ։ Եւ եթէ քիչ մը խոնարհութիւն ցոյց տաս, քանի մը բարելաւումներ կրնայ մտցնել ճաշացուցակիդ մէջ։
Հօրենական մեծ մայրս,- պիտի շարունակէի մենախօսութիւնս,- Օսմանեան կայսրութեան լաւագոյն խոհարարուհիներէն ու Մարաշի ասեղնագործութեան վարպետներէն եղած է, եւ ջարդերէն անմիջապէս ետք, Երուսաղէմի իրենց որբանոցը այցելող Քեմալ Փաշային խորոված ու «չիյ քէօֆթէ» պատրաստած է, թուրք քայիմաքամին իսկ խնդրանքով, քթին տակէն՝ «զըխըմ թող ուտէ» մրթմրթալով։
Արդ, ըստ արեւմտահայ մեր տոհմային աւանդութեան, հայկական խորովածը, սկսելու համար, ածուխի վրայ կ՛եփեն՝ խոզի կամ ոչխարի քիչ մը իւղոտ կակուղ կտորները աղով, սեւ ու կարմիր պղպեղով ու յատկապէս քիմոնով եւ սումմախով համեմելէ ետք, քովն ալ սոխի եւ ազատքեղի աղցան՝ նոյն համեմունքներով պճնուած։ Երբ շամփուրները կրակին վրայ կը զետեղուին, միսը պատող համեմուած իւղը հալելով կը սկսի կաթկթելու բոցավառող ածուխին վրայ եւ խունկի նման բուրումնաւէտ ծուխ կը բարձրանայ «մանղալ»էն ու քնքշօրէն կը պարուրէ, կը գրկէ՛ միսի խորովուող կտորները։
Դո՛ւք, սիրելի բարեկամ, ձեր աճպարարութեամբ ու արագ հարստանալու մարմաջով, կ՛այլասերէ՛ք հայկական խոհանոցը։ Իսկ այն օտարականները, որոնք մեր երկիրը կ՛այցելեն, պիտի թքնեն հայկական թափթփած խոհանոցին վրայ։ Այդ ո՞ւր մնաց հայ խոհարարի ազգային արժանապատուութիւնը։ Ի դէպ, Հայաստանի տարածքին հանդիպած ենք իրենց անուան արժանաւոր, խղճամիտ խոհարարներու ալ, որոնք առաջնակարգ խորոված ալ, «համպըրկըր» ալ կը պատրաստեն:
Գալով տապակուած գետնախնձորին,- պիտի շարունակէի,- «տու», շե՛ֆ ջան, քանի՞ անգամ կը տապակես հայկական համեղ կարտոֆիլը՝ այսպէս փճացնելու ու յաճախորդին առջեւ շպրտելու համար։
Խոհարարը տհաճութեամբ դէմքի արտայայտութիւնս պիտի զննէ՝ հանելուկ լուծողի լարումով, ու՝
– Մէկ անգամ,- պիտի խոստովանի գիւտ ըրածի փութկոտութեամբ, ապա հարց պիտի տայ.
– Ինչու քանի՞ անգամ կը տապակեն…
– Երկո՛ւ,- պիտի ըլլայ կտրուկ պատասխանս։
– Երկո՞ւ մը…
– Այո, երկո՛ւ, եւ այս գաղտնիքը, տապակուած գետնախնձորի մայրաքաղաք՝ Պրիւքսէլի մէջ հռչակաւոր խոհարարէ մը սորված եմ:
Առաջին անգամ կիսով կը տապակեն գետնախնձորը, իսկ երկրորդը՝ հիւրին կամ յաճախորդին չհրամցուցած։ Երբ սպասարկելու ժամը հնչէ, տապակին մէջ ձիթաիւղը լաւ մը կ՛այրես եւ կիսեփ պաղ գետնախնձորի շերտերը կը ֆշշացնես մէջը, երկու-երեք վայրկեանէն, միջուկը կակուղ, իսկ արտաքինը պիրկ «ֆրայզ»ը պատրաստ կ՛ըլլայ հիւրին կամ յաճախորդին քիմքին յանձնուելու։
Ա՛յ մարդ, մէյ մը փորձէ՛ ըսածս, ապա երախտագիտութեամբ պիտի յիշես սա արհամարհած սփիւռքահայդ։
Այստեղ տեղին է յիշել, թէ «համպըրկըր»ի պարագային ալ միսը քիչ մը իւղալի պէտք է ըլլայ, եւ որպէսզի կակուղ ըլլայ՝ մէջը սոյի փոշի խառնել՝ գոնէ տասէն քսան տոկոս։ Նոյնը կարելի է ընել «ղիյմա քեպապ»ի պարագային։
Ամերիկայի յայտնի «համպըրկըր»ի ընկերութիւնները, մինչեւ քսան-երեսուն տոկոս սոյ կը խառնեն միսին հետ, որպէսզի մանրուած միսը չչորնայ կրակին վրայ եւ հիւթեղ ըլլայ։
Այս մէկն ալ քեզի ձրի պարգեւ, աղբեր ջա՛ն։ Տէ՛, գնա՛ հարստացիր…
ԵՐԳԻՉ ԱՆՏՐԷՆ ԵՒ ՎՌԱԶՈՂ
ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ
Բարով «Էր Ֆրանս» ընկերութեան սաւառնակը իջաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։ Տեղական ժամանակով երեկոյեան տասի մօտերն էր։ Քիչ ետք օտար զբօսաշրջիկներու եւ տեղացի ճամբորդներու հետ մենքզմեզ գտանք օձապտոյտ ոլորուող չուաններուն առանցքը, որ դանդաղօրէն կը յառաջանար։
Ամէն ինչ բնական ըլլալ կը թուէր, մինչեւ որ չուաններու տակէն սողոսկելով տեղացի հայ երիտասարդ զոյգ մը, մինչեւ առջեւի գիծը անցաւ։ Քիչ ետք անոնց տարիքով ուրիշ մը հետեւեցաւ միւսներու վատ օրինակին։ Երբ մօտս կանգնող «փախստականին» հարց տուի, թէ ինչո՞ւ կ՛ընէր այդ խախտումը.
– Վռազում եմ,- եղաւ անոր պատասխանը։
Այդ պահուն ակնարկս օտար զբօսաշրջիկներուն վրայէն սահելով՝ գնաց ծանօթ երիտասարդի մը վրայ կանգ առնելու։ Այո, չէի սխալած, մեր ետեւի շարքը լուռ ու մունջ կանգնող օրինապահը հանրածանօթ երգիչ եւ երիտասարդութեան կուռքը հանդիսացող Անտրէն էր։
– Ուրեմն «տու» Անտրէից ալ կարեւոր մարդ ես,- ըսի օրինազանցին,- երբ անիկա օրինական հերթի է կանգնած, իսկ «տու» օտարներուն առջեւ մեզ խայտառակ կ՛ընես եւ մեր երեսը սեւ կը հանես։
Բարձրաձայն գոռալս լսելով՝ զոյգ մը պահակներ եկան ու օրինազանց երիտասարդները իրենց տեղերը վերադարձուցին։
Ահա ասոնք ալ նոր սերունդի ներկայացուցիչներն են… մին հռչակաւոր ու օրինապահ, միւսը՝ օրինազանց ու տխրահռչակ։
Ի տես իր ազգակիցներու վերաբերմունքին, Անտրէն ամօթէն բուռ մը դարձած՝ յարեց.
– Արա՛, ի զուր փորձում ենք սա ժողովուրդը մի քիչ ազնուացնել։
Անյո՛յս պայքար…
ԳՐՈՂԻ ԱՆԿԻՒՆ
Հայրենի Տպաւորութիւններ… Աննշան Թուացող Առօրեայ Հոգեր