ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուղղափառ Երեսփոխաններու Միջ-խորհրդարանական Համախմբումի համագումարը տեղի ունեցաւ Ամման, Յորդանանի մէջ: Երեք տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ համագումարին մաս կը կազմեն բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու Ուղղափառ եկեղեցիներու պատկանող երեսփոխանները: Յիշեալ համագումարներուն նպատակն է այժմէական նիւթ մը քննարկել որ աղերս ունենայ յատկապէս Ուղղափառ եկեղեցիներու ու համայնքներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ գործակցութիւն յառաջացնել Ուղղափառ համայնքներ ունեցող երկիրներու միջեւ:
Ամմանի մէջ տեղի ունեցած համագումարին գլխաւոր նիւթը Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն էին: Այս նիւթին մասին հրաւիրուած էին իրենց պատգամները փոխանցելու Արամ Ա. եւ Թէոֆիլոս Գ. Երուսաղէմի յունաց պատրիարք:
Յանուն վեհափառ հայրապետին, համագումարին ներկայ գտնուեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեան: Սրբազան հայրը համագումարի բացման նիստին կարդաց վեհափառին պատգամը: Յիշեալ պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս խօսելով Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան մասին, կարեւորութեամբ կը շեշտէր գործացկութեան ճամբով քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: Ան նաեւ կ՛ընդգծէր քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան նոր որակ տալու կարիքը, միաժամանակ կոչ ուղղելով, որ քրիստոնեայ համայնքներուն լայն տեղ տրուի շրջանի երկիրներու քաղաքական կեանքէն ներս:
Կոմիտաս սրբազանը նաեւ այլ առիթներով հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու նաեւ մեր ազգային պահանջատիրութեան գծով ակնարկութիւններ կատարեց համագումարի քննարկումներուն ընթացքին: