ԳԱՀԻՐԷ.- Մասնակցութեամբ պատուոյ հիւրերու եւ կուսակցութեան անդամներու, Շաբաթ, Նոյեմբեր 12ին նշուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) հիմնադրութեան 90ամեակը Գահիրէի «Կոկանեան» սրահէն ներս:
Ներկաներու շարքին էին Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Գրիգոր գեր. Օգոստինոս, Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Հիւպատոս Հրաչեայ Փօլատեան, Ա. քարտուղար Արտակ Յովհաննիսեան, թեմական Ժողովի ժամանակաւոր ատենապետ Կարպիս Եազըճեան, Քաղաքական ժողովի ատենապետ Գէորգ Երզնկացեան եւ այլ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՌԱԿի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց Պէյրութէն հրաւիրուած՝ ՌԱԿի կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Արտաւազդ Մելքիսէթեան:
Մելքիսէթեան, Հայաստանի ՌԱԿի կողմէ ոսկէ յուշաշքանշան յանձնեց ՌԱԿ Եգիպտոսի շրջանային վարչութեան յանձնաժողովի ատենապետ Նորայր Տէօւլէթեանին
Ատենապետն ալ իր հերթին պատուոգիրներ յանձնեց օրուան նախագահուհի Մանուշ Չօփուրեանին եւ Նուարդ Աւագեանին, Հայ Գեղարուեստասիրաց միութենէն եւ «Կոկանեան» սրահէն ներս կատարած իրենց երկարամեայ գործունէութեան համար:
Նոյն առիթով, «Արեւ» երկօրեայ թերթը ներկայացուց հայ Ազգային Հիմնադրամի (ՀԱՀ) ատենապետ Կարպիս Եազըճեանը, որմէ ետք կատարեց «Արեւ»ի նոր խմբագրատան բացումը:
«Բոլոր ներկաները շատ տպաւորուեցան երբ այցելեցին «Արեւ»ի նոր խմբագրատունը: Խմբագրատան աշխատաքները կը յուսանք ա՛լ աւելի եռանդուն դառնան՝ նոր եւ նպաստաւոր պայմաններու մէջ», կը յայտնէ Նորայր Տէօվլէթեան:
«Արեւ» օրաթերթի հիմնադիրն ու առաջին խմբագիրը եղած է հայազգի բանաստեղծ Վահան Թէքէեան: Թերթը հիմնադրուած է 1915ին: Իսկ Ասպետ Արթինեան ստանձնած է թերթի խմբագիրի պաշտօնը վերջին երկու տարիներուն: Երկօրեայ թերթը այսօր լոյս կը տեսնէ 6 էջ պարունակութեամբ, Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հիմնադրուած է Հոկտեմբեր 1921ին: Կը նկատուի շարունակութիւնը Մ. Փորթուգալեանի հիմնած Արմէնական կուսակցութեան, որ հիմնուած է 1885ին, Վանի մէջ: