
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, տեղի ունեցաւ հայրենի քանդակագործ Կակոյի (Գագիկ Գէորգեան) «Շարժում բնութեան մէջ» թեմայով պրոնզէ քանդակներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մերի Չօլոյեան, որ նշեց, թէ Կակօն 1980-1988 յաճախած է «Մարտիրոս Սարեան» արուեստի միջնակարգ դպրոցը, միաժամանակ սորվելով քանդակագործութիւն: Չօլոյեան աւելցուց, որ ան 1989էն 1993 իր ուսումը շարունակած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան արուեստի ուսումնարանին մէջ, ապա 1999ին Հայաստանի գեղարուեստի ակադեմիոյ քանդակագործութեան բաժանմունքէն եղած է շրջանաւարտ:
Մերի Չօլոյեան հաստատեց, որ Կակոյի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայրենի տաղանդաւոր քանդակագործ Արա Յարութիւնեան, որ եղած է նաեւ իր ուսուցիչը: Ան հաստատեց, որ Կակօն ցուցահանդէսներ տուած է Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, եւ անոր ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին բազմաթիւ երկիրներու ցուցասրահներուն մէջ:
Իր կարգին, Կակօ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ ներկաներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին այս ցուցահանդէսի յաջողութեան:
Յայտնենք, որ Կակօ ցուցադրած է 30 պրոնզէ քանդակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մարդկային տիպարին ապրելակերպն ու զգացումները արտայայտող իւրայատկութիւններ, ինչպէս՝ «Խմբավարը», «Վերամիացում», «Ցեղասպանութիւն», «Շարժում», «Երաժշտութիւն», «Ձկնորսը», «Երկխօսութիւն»…
Կակոյի քանդակներուն մէջ բացայայտ են բուռն զգացումներն ու ապրումները, միտքերու զարգացումն ու բարձրորակ արուեստը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 5 Դեկտեմբեր 2011: