ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 22ին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի հասարակական-տնտեսական իրավիճակին, տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նոյն օրը Արցախի նախագահը նաեւ հանդիպած է Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի վարչական մարմինի եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկուած են վերոնշեալ հարցերը:
Նոյեմբեր 22ին Արցախի նախագահը Լոս Անճելըսի մէջ շարունակած է ամերիկահայ գործարար եւ բարերար շրջանակներու հետ իր հանդիպումները: Երեքշաբթի օր, նախագահը հանդիպած է բարերարներ Իսակ Վարդանեանի եւ Գէորգ Ոսկանեանի հետ:
Նախագահ Սահակեան անցեալ Երեքշաբթի օր այցելած է Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպած է առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Ազգային կեդրոնական ու թեմական վարչութեան անդամներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը հայապահպանման եւ Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման գործի գծով եւ երախտագիութիւն յայտնած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ Արցախին մշտապէս սատարելու համար: