ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը պատրաստուի դարձեալ քննելու Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, որ Ծերակոյտի օրակարգ բերուած է Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթենպախի նախաձեռնութեամբ։
Քալթենպախ համացանցին միջոցաւ կատարուած յայտարարութեան մը մէջ յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին եւ 2012ի նախագահական ընտրութիւններու ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտը խոստացած են աջակցիլ այդ օրինագիծի որդեգրման։ Ան հարցը Ծերակոյտի օրակարգին վրայ դրած է Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21ին:
«Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի որեւէ ժխտում հարուած մըն է՝ ուղղուած հանրապետութեան արժէքներուն», գրած է ֆրանսացի ծերակուտականը։
Նշենք, որ եթէ օրինագիծը Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուի եւ նախագահին կողմէ ստորագրուի, ապա Ֆրանսայի տարածքին բոլոր անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, կը դատապարտուին մինչեւ հինգ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եուրօ տուգանքի։
Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած էր Հոկտեմբեր 2006ին։
Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական հարցերու եւրոպական գրասենեակի ղեկավար Հիլտա Չոպոյեան ըսած է, թէ կանուխ է կանխատեսումներ կատարելու, թէ օրինագիծը կը վաւերացուի՞, թէ ոչ, սակայն դրական համարած է այն իրողութիւնը, որ հարցը դարձեալ օրակարգի վրայ դրուած է: «Կը յուսանք, որ ընկերվարականները, ինչպէս խոստացած է նախագահական թեկնածու Հոլանտը, աւելի մեծ թափով եւ շատ արագ, այսինքն՝ ընտրութիւններէն առաջ իսկ կը յաջողին վաւերացումը ապահովել: Կը յուսանք, որ ընկերվարականները միակամ կը մնան, որովհետեւ վերջին անգամ ընկերվարականները բաժանուած էին», աւելցուցած է ան:
Նշենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս տարուան Մայիսի 4ին մերժած է Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծը, սակայն այդ թուականէն ետք տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, Ծերակոյտին դիմագիծը փոխուած է եւ ներկայիս ընկերվարականները ապահոված են Ծերակոյտի աթոռներուն մեծամասնութիւնը:
Չոպոյեան նաեւ հերքած է կարգ մը լրատու գործակալութեանց տարածած այն տեղեկութիւնը, թէ ծերակուտական Ֆիլիփ Ֆալթենպախ հայկական ծագում ունի:
Իր կարգին, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, պատասխանելով «ՓանԱրմինիըն»ի թղթակիցի հարցումներուն՝ ըսած է, թէ այս անգամ օրինագիծի վաւերացման հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, յատկապէս՝ այդ մասին նախագահական ընտրութեան Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի կատարած խոստումին շնորհիւ:
Ան աւելցուցած է, թէ նման օրինագիծի մը վաւերացումը կրնայ միայն ժամանակաւորապէս հարցեր ստեղծել Ֆրանսայի ու Թուրքիոյ միջեւ: «Թուրքիա հաւանաբար սպառնայ Ֆրանսային, սակայն որոշ ժամանակ մը ետք իրավիճակը բարեյաջող հանգուցալուծում կը ստանայ», ըսած է Մանոյեան: