ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Թուրքիոյ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1937-1938ին Տերսիմի մէջ յատկապէս քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար պաշտօնապէս ներում հայցած է։
Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23ին կայացած ժողովին ընթացքին, Տերսիմի կոտորածներու մասին վկայող փաստաթուղթեր ցոյց տալով՝ յայտարարած է. «Եթէ հարկ է Տերսիմի կոտորածին համար պետութեան անունով ներում հայցել, ապա ես ներում կը հայցեմ»։
«Ձեռքիս մէջ եղող փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1936ին, 1937ին, 1938ին եւ 1939ին, Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն զոհ գացած է 13,806 մարդ», ըսած է Էրտողան։
Անդրադառնալով ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի այն յայտարարութեան, թէ Էրտողանի եւ հայկական Սփիւռքին միջեւ մտայնութեան նմանութիւններ գոյութիւն ունին՝ Էրտողան ըսած է. «Դուն զիս հայկական Սփիւռքի հետ նոյն հարթութեան վրայ կը դնես։ Կը ցաւիմ քեզի համար։ Սակայն ես՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանս, կը զգուշացնեմ քեզ. չա՛փդ գիտցիր»։
Էրտողան նաեւ Քըլըչտարօղլուին կոչ ըրած է իր կուսակցութեան անունով ներողութիւն խնդրելու Տերսիմի կոտորածներուն համար, նկատի ունենալով, որ Աթաթուրքին հիմնած այդ կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ էր կոտորածներու օրերուն:
Քըլըչտարօղլու յայտարարած էր, որ Էրտողան Տերսիմի դէպքերը կը շահագործէ եւ այդ ձեւով կ՛ուզէ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ձգած ժառանգութեան հետ հաշուեյարդար տեսնել։ «Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը շահագործէ Տերսիմի դէպքերը։ Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ան կը մտածէ այնպէս, ինչպէս հայկական Սփիւռքը։ Շատ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային մեր ազգին պարտադրէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները», ըսած էր Քըլըչտարօղլու։