ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մեհմետ Պարլաս, «Սապահ»ի մէջ վերեւը նշուած խորագիրին ներքեւ, նախ կ՛անդրադառնայ Տերսիմի մէջ քիւրտերու դէմ գործադրուած սպանդներու նիւթին, ապա կը գրէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի այն արտայայտութեան մասին, ուր վերջինս վարչապետ Էրտողանի մտայնութիւնը կը նմանցնէր հայկական Սփիւռքի մտայնութեան: «Եթէ մեր վարչապետը Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումները մեզի ալ պարտադրէ, չեմ զարմանար», ըսած էր ան։ Պարլաս ապա կը գրէ. «Կարեւոր է, որ Թուրքիա վերջապէս հասած է իր անցեալին հետ դէմ յանդիման գալու հասունութեան։ Տերսիմի աղէտը նիւթ մըն է, որ իսկապէս պէտք է քննուի մանրամասնօրէն։ Այս նիւթը օրակարգի բերաւ վարչապետ Էրտողան, որ Քըլըճտարօղլուի կողմէ մեղադրանքի արժանի նկատուեցաւ։ Քըլըճտարօղլուի արտայայտութիւնը՝ Էրտողանի ուղղեալ, անբախտ եւ իր նիւթէն շեղելու կոչուած արտայայտութիւն մը չէ՞ արդեօք։ Երբ ջանք կը տարուի մեր պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու եւ լուսաբանութիւններ մէջտեղ դնելու, արդեօք այդ դէպքերու ցանկին մէջ 1915ին հայերու դէմ գործադրուած տեղահանութեան դէպքը չկա՞յ։ Քըլըճտարօղլու արդեօք կը խորհի, թէ Հայկական Տեղահանութիւնը միայն հայ Սփիւռքի միտքին մէջ գոյութիւն ունի։ Եւ կամ՝ ունեւորութեան տուրքը միայն Թուրքիոյ քաղաքացի հրեաներուն կամ այլ փոքրամասնութիւններու հա՞րց է։ 6-7 Սեպտեմբեր 1955ին Պոլսոյ յոյն փոքրամասնութեան դէմ գործադրուած դէպքերը պատմական ամօթ չե՞ն արդեօք։ Տերսիմի աղէտը օրակարգի բերելու ճիգերը՝ հայկական Սփիւռքի մտային քարտէսին նմանցնելու արտայայտութիւնը Քըլըճտարօղլուի ամօթն է։ Քըլըճտարօղլու, քանի դեռ Տերսիմի աղէտը Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ժառանգութենէն անջատելով՝ ատոր հետ դէմ յանդիման գալու քաջութիւնը չունի, գոնէ պէտք է դէմ յանդիման գայ իր ամօթին հետ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.