
ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի մօտ Բրիտանիոյ դեսպանը վտարելու կապակցութեամբ Իրանի խորհրդարանին որոշումին ակնարկելով՝ Լոնտոն արարքը «ցաւալի» նկատեց, միաժամանակ զգուշացնելով, որ «բուռն կերպով» պիտի հակազդէ, եթէ վտարման որոշումը գործադրուի։ Իրանի խորհրդարանը Բրիտանիոյ հետ դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները սահմանափակելու որոշում մը որդեգրեց։ Ըստ որոշումին, Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը պէտք է յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին հեռանայ Իրանէն։ Իրանի խորհրդարանը իր այս որոշումով կը հակադարձէր Իրանի դէմ Լոնտոնի որդեգրած նորագոյն պատժամիջոցներուն։ Հակառակ այս զգուշացումին, Իրանի վերահսկիչ խորհուրդը Երկուշաբթի օր վաւերացուց որոշումը: