
ԹԻՖԼԻՍ, «Թերթ».- Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբերին, պաշտօնական այցով Թիֆլիս ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Վրաստանի իր պաշտօնակիցին հետ:
Հանդիպումէն ետք երկու նախագահները տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին նկատմամբ:
Նախագահ Սարգսեան յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան բարձր մակարդակի ապացոյցներէն մէկը այն փաստն է, որ վերջին տարուան ընթացքին հայ-վրացական սահմանը հատած է 600 հազար ՀՀ քաղաքացի:
Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ 2011ը, Վրաստանի հետ համագործակցութեան առումով՝ աննախադէպ եղած է. «Վերջին երկու տարիների ընթացքում վերելք ենք ապրել պաշտպանութեան, կրթութեան, փոխադրամիջոցի բնագաւառներում», ըսած է ան:
Տարածաշրջանային հարցերուն անդրադառնալով՝ նախագահ Սարգսեան յայտարարած է. «Մենք պէտք է բանակցութիւններ վարենք եւ այդ ճանապարհով հասնենք առկայ խնդիրների լուծմանը, քանի որ կոչուած ենք ապահովելու մեր ժողովուրդների անվտանգութիւնը»:
Նախագահ Սարգսեան, կոչ ըրած է յստակ քայլեր ձեռնարկելու՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման նպատակով: «Կարծում եմ, որ միայն բանակցութիւնների միջոցով մենք կը կարողանանք տարածաշրջանում նուազեցնել լարուածութիւնը, ինչն էլ կը նպաստի մեր հետագայ զարգացմանը», աւելցուցած է ան:
«Լուրջ քայլերու ձեռնարկուած են՝ պարզացնելու համար մեր յարաբերութիւնները: Չեմ մոռցած երկու տարի առաջ Հայաստան կատարած իմ այցելութիւնը: Ատիկա 2008ի պատերազմէն ետք էր, երբ Հայաստան մեզի բարոյական օգնութեան ձեռք մեկնեց: Աւելի կը պարզացնենք մեր սահմանային անցակէտները եւ նոր անցակէտներ կը կառուցենք, որուն իբրեւ արդիւնք, քաղաքացիները կը ստուգուին միայն մէկ կէտի վրայ, եւ կրնայ ըլլալ որ պարտադիր չըլլայ նոյնիսկ ինքնաշարժէն դուրս գալը: Սահմանը կը դառնայ նոյնքան թափանցիկ, որքան ֆրանս-գերմանական սահմանը: Նման բան արդէն ըրած ենք Թուրքիոյ պարագային», իր կարգին յայտարարած է նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի: