ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ նահանգներու փոխնախագահ Ճոզէֆ Պայտըն Թուրքիոյ մէջ պիտի քննէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը. այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Պայտըն Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2ին, Անգարա պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար «Համաշխարհային նախաձեռնութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովին, որմէ ետք ան պիտի անցնի Պոլիս, ուր Շաբաթ օր հանդիպում մը պիտի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Ըստ Պայտընի մէկ խորհրդականին, Ամերիկայի փոխնախագահը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ:
«Կ՛ակնկալենք, որ կողմերը կը քննեն շարք մը հարցեր: Պայտընի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն միջեւ խորհրդակցութեանց հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, Կիպրոսը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ Աֆղանիստանը», ըսած է ան:
Պայտըն Թուրքիայէն Յունաստան պիտի մեկնի: