ՊԱՔՈՒ.- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէ համաձայնած են հանդիպիլ մարտական գործողութիւններու գօտիին վրայ: Ըստ ԱՊԱ գործակալութեան, այս մասին յայտնած է Կովկասի իսլամներու վարչութեան փոխնախագահ հաճի Սապիր Կասանլի:
Կասանլի նշած է նաեւ, որ նշեալ հանդիպման մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Երեւանի մէջ, Գարեգին Բ.ի եւ Փաշազատէի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին: