ՊԱՔՈՒ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Էրիք Ռուպին, Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Հարաւային Կովկասը անկախութենէն 20 տարի ետք» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգները յոյս ունի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ամենամօտ ժամանակահատուածով պիտի լուծուի։
«Մենք մեր կարելիութիւններու սահմանին մէջ կ՛աջակցինք Մինսկի խմբակին եւ յոյս ունինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի յառաջիկայ տարի», ըսած է Ռուպին։
Ատրպեճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուպին նշած է նաեւ, թէ տակաւին հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցման շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին։ «Կը հաւատանք, որ երկու կողմերն ալ այդ հարցին մէջ ջանքեր կը գործադրեն։ Յոյս ունինք, որ յաջորդ տարի յառաջընթաց պիտի արձանագրուի», ըսած է ան։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալը աւելցուցած է, որ երկար տարիներէ ի վեր շարունակուող բանակցութիւններուն մէջ որեւէ յառաջխաղացքի բացակայութիւնը պէտք է «անյաջողութիւն» որակել։ «Միաժամանակ կը կարծենք, որ կարեւոր է ընդգծել միջազգային ջանքերը, Մինսկի խմբակի գործունէութիւնը, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ միւս երկիրներուն ջանքերը։ Մենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղղակի բախումէն խուսափելու ջանքերուն օգնած ենք», ըսած է ան։
Ռուպին անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին եւ նշած, թէ Միացեալ Նահանգներ տակաւին յոյս ունին, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին։ «Սակայն Թուրքիոյ մէջ աւարտած եւ Հայաստանի մէջ սպասուող ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, այդ հոլովոյթին մէջ շարք մը խնդիրներ կը ստեղծեն», նշած է Ռուպին։