
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Քլարք» համալսարանի Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ, մեկնաբանելով Տերսիմի կոտորածները եւ Թուրքիոյ անցեալի բոլոր սեւ էջերը ի յայտ բերելու համար «արխիւները բանալու» մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած առաջարկը՝ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւները տակաւին փակ կը պահուին, ինչ որ «ամօթ» է Թուրքիոյ համար:
Թրքական «bianet.org»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Աքչամ ըսած է.
«Եթէ նոյնիսկ Էրտողան իրաւասութիւն չունի բանալու բանակին արխիւները, ապա ան ինչո՞ւ չի բանար գոնէ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւները: Արխիւները բանալու մասին Էրտողանի յայտարարութիւնը խաբուսիկ է՝ քանի մը առումով: Օսմանեան շրջանի եւ հանրապետութեան առնչուող շրջանի կառավարութեան արխիւները բաց են: Բայց հարցը այն է, որ այդ արխիւներուն մէջ ամէն ինչ բաց չէ հանրութեան համար: Օրինակ, փակ են Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահանգներէն ամէն շաբաթ ղրկուող զեկոյցներն ու հայերու լքած ունեցուածքին հետ կապուած տետրերը: Զարմանալի է, բայց մինչ այսօր ամբողջութեամբ փակ են նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւները: Այս մէկը մեծ ամօթ է տարածաշրջանին եւ աշխարհին ժողովրդավարութեան ու արդարութեան դասեր տուող Թուրքիոյ համար: Արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու պէտք է վերջ դնէ այս մեծ ամօթին: Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտին արխիւները, որոնք ամենակարեւորն են Թուրքիոյ մութ էջերու բացայայտման համար, տեսականօրէն բաց են, իսկ գործնականին մէջ՝ փակ: Նոյնիսկ Էրտողան լիազօրութիւնը չունի զանոնք հասարակութեան առջեւ բանալու: Եթէ այդպէս չէ, ապա թող ան հրամանագիրով մը հանրութեան ներկայացնէ գոնէ Տերսիմի հետ կապուած փաստաթուղթերը: Բայց ակնյայտ է, որ սպայակոյտին արխիւը Թուրքիոյ «գաղտնի սնտուկն» է: Չեմ կարծեր, որ անոր կարեւոր փաստաթուղթերը կը ներկայացուին հետազօտողներուն: Հայկական եւ Տերսիմի կոտորածներու, ինչպէս նաեւ այլ ամօթալի էջերու մասին պատմող արխիւներուն բացումը հսկայական նշանակութիւն ունի պատմական այդ ժամանակաշրջանը բացայայտելու եւ հասկնալու համար. մինչեւ այսօր զանոնք փակ պահելու պատճառը ճիշդ այն է որ հաւանական է, թէ անոնց մէջ կրնան ըլլալ իրականութիւնը բացայայտող ու տակաւին չոչնչացուած փաստաթուղթեր: Յստակ է, որ, խիստ վախնալով Հայկական Հարցէն՝ այդ արխիւներէն շատ փաստաթուղթեր ոչնչացուած են ե՛ւ 1918ին, ե՛ւ 1980էն ետք»: