
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիպրոսի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովի առաջին օրը, Արամ Ա. կաթողիկոս երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուեցաւ նոյն խորհուրդի նախագահ՝ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը ներկայացնող։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չորս տարին անգամ մը գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին կը մասնակցի պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմեն Կիպրոսի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկէլեան, Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, «Նարեկ» վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան։
Համաժողովին բացումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ի առաւօտ, յոյն եկեղեցիներու կողմէ կատարուած պատարագով։ Ապա, համաժողովի առաջին նիստին, վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով՝ ներկայացուց անցնող չորս տարիներուն խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս ծանրանալով տնտեսական ու վարչա-կազմակերպչական մարզերուն։ Վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ անոնց ժխտական անդրադարձներուն՝ խորհուրդի կեանքին ու առաքելութեան։ Վեհափառը շեշտեց, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, խորհուրդը շարունակեց իր առաքելութիւնը, եւ առաւել կենսունակութեամբ ան կոչուած է դառնալու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ձայնը ու միակամ կեցուածքը։
Ապա, խօսք առին Արեւելան ուղղափառ, Կաթոլիկ ու Բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնք ընդգծեցին խորհուրդի կարեւորութիւնը՝ որպէս շրջանի եկեղեցիները համախմբող կառոյց։
Նոյն օրը համաժողովին իր զեկոյցը ներկայացուց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհ: Լայնօրէն ներկայացուեցաւ նաեւ խորհուրդի տնտեսական կացութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը, որուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ անդամ ընտրուեցաւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յանձնախուբի անդամ եւ Դպրեվանքէն ներս արաբերէն լեզուի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան։ Յայտնենք, որ համաժողովին ընտրական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսկ ստուգիչ մարմինի անդամ՝ Վարդան Թաշճեան։ Համաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները։