ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպեճանական դիւանագիտութիւնը յայտնապէս խանդավառուած է ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու խոստացած՝ հակամարտութեան կարգաւորման այսպէս կոչուած՝ նոր մարտավարութեամբ:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչի փոփոխութեան հետ նոր մարտավարութեան մասին փսփսուքները, Ատրպէյճանի պատասխանատուներուն ականջին աւելի շուտ հասած են, կարծես, քան՝ հայկական կողմին:
Յամենայնդէպս, թէ՛ Փաշազատէի Հայաստան այցելութիւնը, որ մինչեւ վերջին պահը հարցականի տակ էր, եւ թէ իրարու յաջորդող՝ Ղարաբաղցի հայ եւ ազերի բնակչութեան միջեւ հաւանական հանդիպումներու մասին յերիւրածոյ լուրերը, կը թելադրեն, որ ատրպեճանական կողմը մշակած է Մինսկի խումբի համանախագահներու նոր մարտավարութեան համապատասխան ծրագիր մը եւ լծուած է անոր գործադրութեան:
Մինսկի համանախագահներու նոր մարտավարութեան մէջ կը թուի թէ ընդգծուած է հայ-ատրպեճանական ժողովրդային մակարդակի յարաբերութիւններու սերտացման հարցը: Այս առաջադրանքը իբրեւ ուղեցոյց վերցնելով է որ Ղարաբաղի ազերի համայնքին անունով յայտարարութիւններ եղան, թէ՝ Նոյեմբեր 29ին, Պերլինի մէջ հանդիպում մը պիտի կայանայ ղարաբաղցի հայերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայերը Պերլին չգացին: Իսկ ատրպէյճանցիք յաջորդ օրն իսկ՝ երէկ, դարձեալ յայտարարեցին նոր հանդիպման մը մասին լուրը, այս անգամ՝ Փարիզի մէջ, դարձեալ ղարաբաղի հայ եւ ազերի բնակչութեան ներկայացուցիչներու միջեւ: Այդ հանդիպումն ալ տեղի պիտի չունենայ, մենք գոնէ վստահ ենք:
Քարոզչականօրէն, ազերիները միամտօրէն կամ իրենց միայն յայտնի առաւելութիւններ ապահովելու նպատակով, երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման միտող ձեռնարկներու նախաձեռնութիւնը կ՛ուզեն վերցնել՝ միեւնոյն ատեն հայկական կողմը, կարծր ու մերժողական դիրքերու վրայ ներկայացնելու ջանքեր թափելով:
Մինսկի խումբի համանախագահները սիրաշահելու համար, կ՛առաջարկենք ազերիներուն այլ ճանապարհներ փնտռել: