ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1նիուզ.ազ» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները։ Ալիեւ համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ռապըրթ Պրատթքիի (Միացեալ Նահանգներ), եւ Ֆրանսայի նախկին ու նորանշանակ համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի ու Ժագ Ֆորի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ իրավիճակը։
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու հեռանկարներուն կապակցութեամբ։
Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ համանախագահները աւելի ուշ հանդիպում մը ունեցած են Արցախի ատրպեճանական համանքը ներկայացնող խումբի մը հետ, որ դժգոհութիւն յայտնած է բանակցութեանց երկարաձգման հանդէպ: