ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ «Եութիուպ Ուըրլտ Վիու» (YouTube) համացանցային կայքին վրայ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին պատասխանած է Տերսիմի կոտորածներուն մասին փաստաթուղթեր պարունակող պետական արխիւները բանալու մասին հարցումներուն։
«Պատմութեան ընթացքին շատ լաւ եւ վատ պահեր կ՛արձանագրուին, իսկ մեր պատմութիւնը երկար է։ Տերսիմեան իրադարձութիւնները շատ տխուր ու ցաւալի են, եւ ես խնդիր չեմ տեսներ արխիւները բանալու առնչութեամբ։ Մեծ պետութիւնները, երկիրները, ժողովուրդները, չեն վախնար իրենց պատմութենէն։ Մենք միշտ վիճայարոյց պահերուն կը բանանք արխիւները։ Աւելի վիճելի խնդիրներու մէջ ալ կը բանանք մեր արխիւները, այս պատճառաւ ալ կը հաւատամ, որ որեւէ անպատեհութիւն չկայ մեր արխիւները պատմաբաններու ու գիտութեան մարդոց դիմաց բանալուն մէջ: Գլխաւոր հարցն այն է, որ այդ բոլորը բանավէճի նիւթ չդառնան, ու որոշ նպատակներու հասնելու համար գործիքի չվերածուին», ըսած է ան։
Երբ ընթերցող մը նախագահին յիշեցուցած է, թէ ան ատենօք ըսած էր, որ քրտական հարցին մէջ լաւ բաներ պիտի պատահին եւ հարցուցած, թէ ինչո՞ւ այդ լաւ բաները չէին պատահած տակաւին, նախագահ Կիւլ ըսաւ. «Մեր այս ընթերցողը թող իր ձեռքը իր խղճին վրայ դնէ. անշուշտ որ լաւ բաներ պատահեցան։ Եթէ հինգ, տասը տարի ետ երթաք, կը տեսնէք որ այդ շրջանին քրտական հարցին մասին խօսիլ իսկ կարելի չէր, քիւրտ բառն իսկ չէիր կրնար գործածել»։
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ թուրք այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամ յայտարարած էր, թէ Թուրքիա միայն մասնակիօրէն բացած է իր արխիւները եւ շատ փաստաթուղթեր կը շարունակեն գաղտնի պահուիլ, կամ արդէն իսկ ոչնչացուած են: