ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական կեանքի մէջ, անցեալի դրամագլուխը նկատի կ՛առնուի եւ արժէք կ՛ունենայ այն չափով, որքանով ժամանակին ու կեանքին հետ քայլ կը պահէ, կը գործարկուի եւ կը վերանորոգուի՝ նորովի արժէքներ ստեղծելով։
Անցեալը անկասկած դրամագլուխ է եւ արտասովոր չէ, որ անհատի մը կամ հասարակական միաւորի մը տեղն ու արժէքը կը չափուին անոր ունեցած կենսափորձով, դրսեւորած վարքագծով ու ձեռք ձգած արդիւնքով։
Անցեալի փորձաքարին զարնուած եւ անոր քննութենէն յաջողութեամբ անցած իրենց նուաճումներով ու արժանիքներով են, որ մարդիկ եւ հասարակական կառոյցներ կը վերածուին հաւաքական արժէքի ու ազգային հարստութեան։ Իբրեւ այդպիսին նաեւ աւանդո՛յթ կը կերտեն՝ ներշնչման աղբիւր եւ վարակիչ օրինակ հանդիսանալով հետագայ սերունդներուն համար։
Նոյնպէս ճշմարտութիւն է, սակայն, որ միայն անցեալի իր փառքին ապաւինող եւ արդարօրէն վաստակած արժանաւորութեան դրամագլուխը միայն ծախսող անհատը կամ հասարակական միաւորը, ուշ կամ կանուխ, կը դատապարտուի… անփառունակ սնանկութեան։ Կը ստիպուի հին տետրակներ քրքրել եւ հոն փնտռել նորօրեայ իր կենսունակութեան, արժանաւորութեան ու յուսալիութեան «երաշխիքները» եւ… «գանձել»ջ պարտամուրհակներն ու բաժնետոմսերը։
Կը նշանակէ, որ աւանդական արժէքները իբրեւ այդպիսին կը գնահատուին ու կը պահպանուին այն չափով, որքանով նորոգուելու ու վերաշխուժանալու ներուժը կենսայորդ է իրենց մէջ։
Այսինքն՝ անցեալը դրամագլուխ է, երբ իր ստեղծած լաւն ու արժէքաւորը ներշնչման աղբիւր կը մնան եւ առաջնորդող օրինակ կը ծառայեն ներկային ու գալիքին համար։
Մետալին միւս երեսը եւս միայն սեւ կամ սպիտակ չէ։
Ինչպէս որ ամէն նոր երեւոյթ, արժէք կամ գաղափար անպայման նորարար չէ, այնպէս ալ ամէն նորարարութիւն՝ անպայման աւանդամերժ չէ։
Աւելի՛ն. չի բաւեր միայն տարիքով երիտասարդ ըլլալ՝ երիտասարդացում բերելու համար հաւաքական կեանքի հունաւորումին ու վերանորոգումին։ Անհրաժեշտ պայման է, որ աւանդոյթ ստեղծած արժէքներն ու գաղափարները իրենց զարգացումը ապրին նորին մէջ, որպէսզի ներկային ու նորին ընդմէջէն թարմանան եւ պատշաճին ժամանակի ոգիին, նորարար յայտնագործումներուն եւ կեանքի յառաջդիմական թափին։
Քաղաքակրթական զարգացման բնորոշ օրինաչափութիւն է, որ անցեալը նորովի կը վերապրի ներկային մէջ։ Ամէնէն արմատական յեղաշրջումներն ու յեղափոխութիւններն անգամ ամբողջական խզում չեն առաջացներ փոխարինուող կամ կործանուող անցեալին հետ։ Անցեալին բացասումը, ի խնդիր նորարարութեան, անպայման իր մէջ կը կրէ նոյն այդ անցեալին ստեղծած լաւագոյնն ու օրինակելին մաքրազտելու, պահպանելու, վերաթարմացնելու եւ արմատաւորելու սաղմերը։
Հետեւաբար, քաղաքակրթական ու հասարակական զարգացման օրինաչափ կշռոյթին հետ կապ չունի ներկան ու նորը իբրեւ գերագոյն արժեչափ ընդունելու այն նարկիսականութիւնը, որ մեր օրերուն վարակած է հայ քաղաքական մտքի կարգ մը շրջանակները։
Բնական է ու հասկնալի, որ նորահաս ամէն սերունդ ուզէ եւ ակնկալէ, որ զինք ճանչնան ու գնահատեն իր ըրածով եւ իր ներկայացուցած արժէքով, այլ ոչ թէ անցեալէն իր ժառանգած աւանդոյթով, մանաւա՛նդ՝ դափնիներով։
Առանց ներկայի կամ նորերու այդ ինքնավստահութեան եւ սեփական ուղին հարթելու նկրտումին, ոչ մէկ յառաջխաղացք կամ իսկական ոստում կրնայ արձանագրուիլ։ Այդ առումով ալ նորը կամ ներկան անպայման պէտք է հակադրուի անցեալի մաշած ու սպառած մտայնութիւններուն եւ արժէքային համակարգի ժանգ կապած բաղադրիչներուն։ Անցեալի մաշած կաղապարներուն բացասման ու բացառման ճամբով է, որ երիտասարդը սերո՛ւնդ կը դառնայ, նորահասը կը գտնէ նորարարական իր ուղի՛ն եւ ներկան կը դառնայ անցեալի լաւագոյն ժառանգութեան վերաթարմացմա՛ն ժամանակաշրջանը։
Մոլորեցնո՛ղը այլ է։
Ներկան կամ նորը տակաւին կը գտնուի ինքնահաստատման իր երթի սկզբնական փուլին եւ բաւարար չէ, որ իրե՛ն ընձեռուած է հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը առաջնորդելու, այլեւ հաւաքական մեր գալիքի ուղին հարթելու պատմական եզակի հնարաւորութիւնը։
Ինքնախաբէութիւն է ու մոլորութիւն՝ կարծել ու հետեւաբար գործել այնպէս, որ սեփական կեանքի տեւողութեամբ ու սեփական սերունդի նկրտումներով կ՛ամբողջանայ եւ կ՛իմաստաւորուի հայ ժողովուրդի ներկան։ Ոչ մէկ սերունդի արտօնուած է աւանդականը իբրեւ սպառած ու զառամեալ անցեալ մերժելու, մէկդի նետելու եւ սերունդներու արեամբ ու քրտինքով նուաճուած արժէքներէն… խզուելու՝ յանուն պատմականն ու դասականը իբր թէ «21րդ դարու արժէքներով» փոխարինումին։
21րդ դարը իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ քաղաքակրթական զարգացման առջեւ լուսաւոր հորիզոն բացող արժէքային համակարգ դեռ չէ կայացած։ Իսկ հայ քաղաքական մտքի աւանդականն ու դասականը մերժող նորահասները նախ՝ լաւագոյն պարագային գաւառական կապկումը կը կատարեն չկայացած «21րդ դարուն», ապա՝ ազգային մեր յիշողութիւնն ու հաւաքական մտածողութիւնը կը զրկեն սեփական արմատներէն սնանելու հնարաւորութենէն։
Հայ ժողովուրդի պայծառ գալիքի կերտումին չեն կրնար ծառայել հայեւթուրք քաղաքակիրթ երկխօսութեան ու հաշտեցման, բարի–դրացիական յարաբերութիւններու զարգացման, բարձր–արհեստագիտութեան հետ ոստում կատարելու կամ ընկերային անարդարութիւնը իբրեւ մեր ժամանակի «բնականոն եղանակ» գովազդելու խարխափումներն ու դեդեւումները։
Դարաւոր ստրկութեան, կեղեքումի եւ զրկանքի դէմ արիւնալի մաքառումով նուաճուած հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներու համակարգին հետ ոչ ոք իրաւունք ունի անպատասխանատուութեամբ վարուելու, կենսայորդ աւանդականը մերժելու եւ չկայացած «համաշխարհայնացման» ջատագովը դառնալու։