ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւ Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի անկախութեան 20ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներու գործունէութիւնը կարելի չէ գոհացուցիչ համարել։
Ան քննադատած է Մինսկի խմբակը, մեղադրելով զայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու նպատակով «յառաջխաղացք չապահովելու» յանցանքով:
Ըստ ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Մեհտիեւ նաեւ նշած է, թէ ատրպեճանցիները շատոնց հասկցած են, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիրները «հայկական բռնագրաւման գաղտնի քաղաքականութիւն» մը ունին», պնդելով, թէ խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Ռուսիա, Ամերիկա եւ Ֆրանսա, յատկանշական ոչ մէկ քայլ առած են տագնապը լուծելու համար:
«ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիրները պէտք է գիտնան, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համբերութեան սահմանը այդքան ալ մեծ չէ. համբերութեան բաժակը արդէն լեցուած է», ըսած է Մեհտիեւ։