ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Թերթ.ամ».- «Տը Թայմ Եունիըն» (The Times Union) թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Եորք նահանգի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ, 2012ին պիտի տեղադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը:
Ըստ թերթին, քահանաներ Պետրոս Շեթիլեան եւ Ստեփանոս Դուդուկեան, Դեկտեմբեր 9ին օծած են յուշարձանի տեղադրման վայրը:
Օծման արարողութեան ներկայ եղած են տեղի հայ համայնքի շուրջ 50 ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Նիւ Եորք նահանգի հիւսիսային շրջանի դատախազ Ռիչըրտ Յարութիւնեան: