
«ՓանԱրմինիըն».- Հռչակաւոր Sotheby՛s աճուրդի տան մէջ, վերջերս վաճառուած է 17րդ դարու (1671) հայկական ձեռագիր Աւետարան մը, որուն նախնական արժէքը տատանած է 4000-6000 անգլիական փաունտ սթեռլինի միջեւ, սակայն վաճառուած է 13,750ով:
Մագաղաթեայ ձեռագիրը բաղկացած է 271 էջերէ, որուն վրայ գրուած է սեւ թանաքով եւ «բոլորգիր» կոչուած տառատեսակով: Անիկա հարուստ է բազմաթիւ զարդանախշերով, կը պարունակէ թռչուններու, կենդանիներու եւ մարդկային պատկերներ: Բնական ներկերու հետ ձեռագիրին մէջ օգտագործուած է նաեւ ոսկի: Ձեռագիրի ստեղծման վայրին, աւետարանիչի անուան կամ մանրանկարիչին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կը տրուի: