
ԻՏԱԼԻԱ, «Նիուզ».- Աշխատանքային այցով Իտալիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Դեկտեմբեր 13ին հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հետ եւ զրոյցի ընթացքին կարեւոր համարած է այն երեւոյթը, որ հայ գրատպութեան 500ամեակնի մեկնարկը՝ Վենետիկի ցուցահանդէսը, կը կայանայ նախագահ Նափոլիթանոյի բարձր հովանիին տակ:
Իր կարգին, Իտալիոյ նախագահը նշած է, թէ Վենետիկը հայերուն համար մեծ դերակատարութիւն ունեցած է յատկապէս կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման առումով: Ըստ Իտալիոյ նախագահին, երկու ժողովուրդներու մերձեցման դիմաց խոչընդոտներ գոյութիւն չունին:
Կողմերը համոզուած են, որ Հայաստանի նախագահի աշխատանքային այցելութիւնը լաւ առիթ է բարձր մակարդակով քննարկելու հայ-իտալական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ուրուագծելու համագործակցութեան նոր եւ հեռանկարային ոլորտներ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իտալական ընկերութիւնները եւս հրաւիրած է մասնակցելու Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ինչպիսին է նոր հիւլէակայանի կառուցումը, նկատի ունենալով այս բնագաւառին մէջ Իտալիոյ փորձը:
Նախագահ Նափոլիթանօ յոյս յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Իտալիոյ գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ իտալական ներդրումներու ներգրաւման ու երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման:
Սերժ Սարգսեան եւ Ճորճիօ Նափոլիթանօ անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան, տարածաշրջանային խնդիրներու եւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին: