ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2012ին ԼՂՀ պետական պիւտճէի նախագիծով հասարակական պաշտպանութեան պիտի յատկացուի 18.3 միլիառ դրամ, որ այս տարուան գումարէն 9.1 տոկոս աւելի է: Նշուած գումարի ծիրէն ներս պիտի իրականացուի 53 ծրագիր:
ԼՂՀ հասարակական ապահովութեան նախարար Նարինէ Ասծատրեանի տեղեկութիւններով, 2009-2011ին Արցախի մէջ վերաբնակեցուած է 641 ընտանիք: «Գալիք տարի պետական պիւտճէով ծախսերը շուրջ 250 ընտանիքի հաշուով են նախատեսուած», տեղեկացուցած է Ն. Ասծատրեան: