ՇԻՐԱԿ, «Նիուզ».- Մոսկուա բնակող գիւմրեցի կին մը, որ փափաքած է անյայտ մնալ, դիտելով «Գիւմրի. Անտուն եւ անտեսուած որբ երեխաներ» տեսանիւթը՝ փափաք յայտնած է հոգալ տեսանիւթին մէջ յայտնուած երեք որբ երեխաներու Նոր Տարուան սեղանի եւ ձմրան վառելափայտի ծախսերը:
Գիւմրիի անօթեւան Էլմիրա Թամազեանը, որ իր խնամքին տակ ունի միակողմանի անչափահաս երեք որբեր, պետութեան կողմէ բնակարանային փոխհատուցման ենթակայ չէ: «Ամբողջ ձմեռ ստիպուած երեխաների շորերը հաւաքում եմ ու գարնանը, երբ փողոցում ջրի ծորակը գալիս է, նոր լուացքը անում եմ», «Շիրակ» կեդրոնի ներկայացուցիչին ըսած է Էլմիրան:
Այս ընտանիքը կ՛ապրի բարեկամներէն մէկուն քարուքանդ, անյարմարաւէտ տնակին մէջ: Երկրաշարժին բնակարան կորսնցուցած այս ընտանիքը, ճշդուած ժամկէտին անօթեւաններու ցուցակին վրայ չարձանագրուելու պատճառով, ենթակայ չէ ՀՀ կառավարութեան բնակարանային փոխհատուցման:
Ընտանիքին հայրը մահացած է երեք տարի առաջ, իսկ մայրը օրավարձով կը փորձէ պահել իրենց գոյութիւնը։ Անոնք անտեսուած ու լքուած են բոլորին, ներառեալ՝ Գիւմրիի մէջ գործող միջազգային ու տեղական բարեգործական կազմակերպութիւններու կողմէ:
Տեսանիւթը դիտելէ ետք, այլ բարերար մը ցանկութիւն յայտնած էր հովանաւորել մէկ երեխայի նախակրթարանին թոշակը, նկատի ունենալով, որ ընտանիքը վճարելու անկարող ըլլալու համար, տան մօտ գտնուող մանկապարտէզը չորսամեայ փոքրիկը չէ ընդունած։
Տեսանիւթի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, այս ընտանիքին աջակցութիւն ցուցաբերած էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմը՝ զանոնք ընդգրկելով Գանատահայոց թեմին կողմէ ամէնամսեայ նպաստ ստացող երեխաներու ցանկին վրայ, իսկ Գիւմրիի Հայ կաթողիկէ երիտասարդ միութեան անդամները վառելափայտ տրամադրած էին ընտանիքին: