ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ներկայացնելով Համաշխարհային դրամատան տնային տնտեսութիւններու կենսամակարդակի հետազօտութեան արդիւնքները՝ Հայաստանի ԱԺ Հասարակական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Յակոբեան Դեկտեմբեր 13ին յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութիւնը կը գնահատուի 3 տոկոսով եւ զայն վերացնելու համար անհրաժեշտ է 2.7 միլիառ դրամ:
«Որպէսզի ՀՀում աղքատութիւնը վերանայ, պէտք է շուրջ 212 միլառ դրամ (շուրջ 555 միլիոն տոլար): Մենք այդքան գումար չունենք: Կամ պէտք է 106 միլիառ դրամ, որն ուղղակի պէտք է բաժանուի բոլոր աղքատներին», ըսաւ ան ու ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է օգնել հասարակութեան այն շերտին, որ կը գտնուի առաւել վատ վիճակի մէջ: «Ամենափոքրիկ շերտի համար պէտք է 2.7 միլիառ դրամ գումար, որը մենք ունենք», ընդգծեց ան: