ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները վերապրեցան ժամանակի մաշումէն, որովհետեւ եղա՛ն սերունդներու անձնուիրութեամբ նուաճուած գաղափարական ու կազմակերպական աւանդներու եւ բարոյական արժէքներու հաւատարիմ ու հաւատաւոր ժառանգորդը։ Աւելի՛ն. եղան ժառանգուած աւանդն ու արժէքները ոչ միայն ինքնանպատակ պահպանող, այլեւ վերանորոգող, արդիականացնող եւ նոր հորիզոններու բացող գաղափարական կազմակերպութիւններ՝ ի սպաս ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան իրականացումին։
Կարելի է տարակարծութիւններ կամ վերապահութիւններ ունենալ ազգային ու համահայկական մեր կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրին գաղափարական արեւելումին, քաղաքական ուղեգծին եւ կազմակերպական գործելակերպին վերաբերեալ։ Նաեւ իրողութիւն է, որ գաղափարական վէճերն ու քաղաքական հակադրութիւնները անպակաս եղած են մեր կուսակցութեանց կեանքէն, երբեմն յանգելով նոյնիսկ եղբայրասպան բախումներու, որոնց հրահրումին մէջ արտաքին ճնշումներն ու մեքենայութիւնները, անկասկա՛ծ, վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցած են։ Բայց ճշմարտութեան դէմ պարզապէս կը մեղանչեն բոլոր անոնք, որոնք մինչեւ մեր օրերը կ՛ուզեն գաղափարական ու քաղաքական քաշքշուքի առարկայ դարձնել միջ–կուսակցական տարակարծութիւններն ու հակադրութիւնները եւ չեն ուզեր տեսնել ու խոստովանիլ, որ Եղեռնի Յիսնամեակէն ասդին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան շուրջ, աւելի քան միակամ են մեր երեք կուսակցութիւնները։
Յամենայնդէպս, Օրուան Մտածումին այսօրուան կիզակէտը ինքնին արժեւորումը չէ ազգային ու համահայկական մեր կուսակցութեանց կտրած ուղիին եւ ձեռք բերած կենսափորձին, ոչ ալ անոնց միջեւ յառաջացած կամ յամեցող տարակարծութիւններուն եւ հակադրութեանց։ Այլ՝ ընդգծումն է այն իրողութեան, որ զանոնք իբրեւ «դասական»ի կամ «աւանդական»ի պիտակաւորելու եւ վարկազրկելու նորօրեայ փորձերը նախ անհեռանկար են, ապա եւ աւելի կարեւորը՝ հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ աշխուժացումը արգելակող մտայնութեան մը դրսեւորումն են։
Ազգային մեր իրականութեան առանձնայատուկ երեւոյթներէն է այն, որ լիարժէք՝ գաղափարական ու կազմակերպական հաստատուն նկարագրով նոր կուսակցութիւններ չեն ծնիր։ Սփիւռքի մէջ մեր ժողովուրդը արդէն ապրած էր այդ փորձառութիւնը եւ փակած էր օրակարգը՝ իբրեւ սպառած հարց… Բայց Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, նաեւ հայրենի հողի վրայ մեր ժողովուրդը յայտնուած է միեւնոյն անպտուղ… կացութեան մէջ. նոր կուսակցութիւններ առաջացած են եւ նորեր ալ տակաւին կը կազմուին, որոնք սակայն գաղափարական եւ կազմակերպական առումով կայանալու եւ արմատաւորուելու լուրջ դժուարութիւն ունին, ի վիճակի չեն յաղթահարելու ծինային այդ արատը եւ անդին անցնելու անձերու շուրջ կազմուած կամ իշխանաւորի կուսակցութիւն ըլլալու սահմանափակումէն։
Անշուշտ վերջին տարիներուն զգալի ճիգ կը թափուի, յատկապէս իշխանութեան ղեկին կանգնած կամ իշխանութեան հասնելու յաւակնութիւն ունեցող որոշ կուսակցութեանց ղեկավար շրջանակներուն կողմէ, որպէսզի մեր հասարակութեան տարբեր խաւերուն մէջ տարածուած ու խարիսխ նետած ըլլալու եւ կազմակերպական շարքեր ունենալու դիմայարդարում կատարուի։ Մանաւանդ իբրեւ այդպիսին միջազգային ընտանիքին կողմէ ընդունուելու հետեւողական ճիգը ակնբախ է։ Համեւրոպական ժողովրդական (աջ եւ պահպանողական ուժերը համախմբող) կուսակցութեան անդամակցելու դիմումներու «արշաւ»ը հանրածանօթ է։ Բայց այդ ճիգերը իրենց խորքին չունին գաղափարական ու կազմակերպական նկարագիր եւ համապատասխան աւանդ ստեղծելու Կուսակցական Ոգին, որ կենսատու աղբիւրն ու անփոխարինելի երաշխիքն է լիարժէք կուսակցութեանց կայացումին։
Իսկ առանց Կուսակցական Ոգիին, որ համահայկական արժէքներու եւ ազգային աւանդներու վերանորոգման մղիչ ուժն է, հայրենի հայութիւնը դատապարտուած է կուսակցութեանց մէջ տեսնելու միայն քաղաքական հատուածականութիւն, գաղափարական ճեղք եւ ազգային անմիաբանութիւն առաջացնող խմբաւորումներ՝ անհարազատ եւ խորթ հասարակական կազմաւորումներ։
Բայց ի՞նչ Կուսակցական Ոգիի մասին է խօսքը։
Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին բացառիկ անհատականութիւններէն Յովնան Դաւթեան, որ իր յեղափոխական անձնուիրութեամբ ու գաղափարական նկարագրով սեփական դրոշմը դրած է ՀՅԴ գաղափարաբանութեան՝ մանաւանդ ապակեդրոնացման մեր հիմերու արմատաւորման վրայ, առիթով մը հետեւեալ պոռթկումով բանաձեւած է Կուսակցական Ոգին.
– «Մեզ հարկաւոր է կուսակցական գործունէութիւն. գործունէութիւնը առանց կուսակցական գոյնի, որի տակ ես հասկանում եմ որոշ դոկտրինա, որոշ գաղափար, որոշ նպատակ, որոշ ուղղութիւն, որոշ դակտիկա (մարտավարութիւն-Խմբ.) եւայլն, ինձ անհասկանալի է եւ այդ տեսակ գործունէութիւն ես չեմ ընդունում. ապրե՛լ կուսակցական ոգիով եւ մեռնե՛լ կուսակցական ոգիով. ահա՛ հասարակական գործիչի դւիզը (նշանաբանը), ահա ա՛յս է հասարակական գործունէութիւնը»։
Իր ապակեդրոն արեւելումով՝ Յ. Դաւթեան գաղափարական եւ բարոյական ամէն հիմք ունէր վեր կանգնելու հատուածականութեան եւ կուսակցամոլութեան արատներէն ու հասարակական գործունէութեան նայելու եւ արժեւորելու յեղափոխական անանձականութեան դիրքերէն։ Ահա այդօրինակ մտածողն է, որ Կուսակցական Ոգիին մէջ կը տեսնէր խտացումը հասարակական գործիչի վաւերական յանձնառութեան։ Կուսակցական Ոգին այս կամ այն կազմակերպութեան պատկանելու բնական մղումէն անդին, շարժիչն է ամբողջ հասարակութեան եւ մեր պարագային՝ թրքական ու ռուսական բռնատիրութեանց աքցանին մէջ խեղդամահ եղող հայ ժողովուրդին ամբողջական ազատագրումի արդարագոյն ձգտումին։
Յովնան Դաւթեան բացառութիւն չէր կազմեր եւ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը ընդհանրապէս հաւատարմագրուած էր միեւնոյն գաղափարին.– Ինչպէս որ կուսակցութիւն մը ինք սոսկ գումարը չէ իր անդամագրուած հաւատաւորներուն, աւելի՛ն է եւ համազգային արժէքներու կրողն է ու համահայկական աւանդներու կերտիչը, այնպէս ալ Կուսակցական Ոգին գաղափարական ու բարոյական բարձրակէտն է ամբողջ ազգի եւ հասարակութեան ազնուագոյն մղումներուն՝ ի խնդիր ընդհանուր նպատակի յաղթանակին։
Կուսակցական Ոգին իբրեւ համազգային մղումներու ամէնէն վաւերական շարժիչը կ՛ընկալէր, իր կարգին, Դաշնակցութեան մեծագոյն դարբինը՝ Ռոստոմ, որ հիմնական դեր ունեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը ինքնուրոյն կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերածելու քայլերուն մէջ։ 1917ին, համառուսական յեղափոխութեան փոթորկալից մթնոլորտին մէջ բացումը կատարելով ՀՅԴ Ռայոնական Ժողովին, Ռոստում ամենայն պարզութեամբ կը յայտարարէր.
–«Ես կ՛ուզենայի, որ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս Սիմոն Զաւարեանն էր սիրում ասել, «Հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերի պաշտպանը լինէր»… Մեր կուսակցութիւնն իր վրայ ունի այնպիսի պարտականութիւններ, որոնցից ազատ են ուրիշ կուսակցութիւններ։ Մենք ունենք ազգովին վտանգուելու հոգսը, եւ մենք չենք կարող անտես առնել այդ հանգամանքը։ Ամէն անգամ, երբ Դաշնակցութիւնը ստիպուած է եղել դուրս գալու ազգովին գործելու, նրան մեղադրել են, թէ նա բուրժուական է, կղերական… Ես կը կամենայի, որ Դաշնակցութիւնը ապագային էլ նոյնը լինէր եւ պէտք եղած ժամանակ պաշտպանէր ազգի շահը…»։
Ընկերվարական եւ յեղափոխական իր համոզումներով ու մտածումներով զտարիւն ձախակողմեանի համբաւ վայելող Ռոստոմի կողմէ հնչած նման կոչը միայն քաղաքական իրատեսութենէ չի բխիր։ Կը ներշնչուի Դաշնակցութեան Կուսակցական Ոգիէն, որ սեփական կուսակցութենէն անդին սեւեռելու եւ հայ ժողովուրդին բովանդակ շահերու պաշտպանութեան անսակարկ նուիրուելու յանձնառութիւնը կը խտացնէ։
Կուսակցամոլութեան եւ հատուածականութեան հականիշը եղաւ Յոնաններու եւ Ռոստոմներու ջատագոված Կուսակցական Ոգին, որ գաղափարական աւանդի եւ համազգային արժէքի իր նշանակութիւնը եւ տեղը ամրագրեց հայոց իրերայաջորդ սերունդներու հաւաքական յիշողութեան մէջ։
Կուսակցական Ոգիի միեւնոյն ընկալումն էր, որ Ազգային եւ Համահայկական մեր կուսակցութիւնը վեր բարձրացուց անձերու եւ իշխանութեան առանցքներու շուրջ կազմուած քաղաքական սոսկական կազմակերպութիւններու հարթութենէն։ Գաղափարական եւ բարոյական նկարագիր տուաւ ՀՅԴ կազմակերպութեան եւ շարժիչը դարձաւ մեր ժողովուրդին ազնուագոյն մղումներուն՝ Յանձնառութեան անսակարկ Ոգի ներշնչելով իրերայաջորդ սերունդներուն։
Հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքը, հետեւաբար, վերանորոգման իր կենսայորդ աղբիւրէն կը զրկեն այն կարճատեսները, որոնք միայն տասնամեակներու ուղի կտրած «դասական» եւ «աւանդական» (ոմանց աչքին՝ նաեւ զառամեալ) կուսակցութիւններ կը տեսնեն Ազգային եւ Համահայկական մեր կուսակցութիւններուն մէջ։
Աւանդապաշտ ըլլալու պէտք չկայ, նոյնիսկ իրապէս նորարար պէտք է ըլլալ՝ անդրադառնալու համար, որ մերօրեայ «Նոր Աշխարհակարգ»ին համահունչ կուսակցութիւններ նմանակելու փոխարէն՝ հայ քաղաքական նորայայտ ուժերը ազգային իրենց արմատները յայտնաբերեն եւ անոնց աւիշով վերանորոգուին ու յառաջ մղեն Հայաստանի ու հայութեան վերանորոգման գնացքը։