ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թր-ենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները։
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մամետեարով Տաւութօղլուի տեղեկութիւններ փոխանցած է Պրիւքսէլի մէջ կայացած ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին մասին:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի իրաւական հարցերու յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրցումը քրէականացնող բանաձեւին դէմ դնելու կարելիութիւնները: