ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսահայերու մօտ ակնկալիքները մեծ են այն գծով, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը Դեկտեմբեր 22ին կը վաւերացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը. այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան: Կ՛ակնկալուի, որ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները խորհրդարանի շէնքին առջեւ ցոյց կատարեն այդ օրը։
«Խորհրդարանականներու հետ մեր վերջին հանդիպումներէն ետք կրնանք ըսել, թէ շատ հաւանական կը համարենք, որ օրինագիծը վաւերացուի», ըսաւ Վարժապետեան:
Անդրադառնալով այս հարցին շուրջ Ֆրանսայի նկատմամբ Թուրքիոյ վերջին ճնշումներուն՝ Վարժապետեան ըսաւ, որ Ֆրանսան ունի իր արտաքին յստակ քաղաքականութիւնը, եւ այդ ճնշումներուն պիտի չենթարկուի: «Բացի ատկէ, յառաջիկային Ֆրանսայի մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ եւ իշխանութիւնները ֆրանսահայութեան քուէներուն կարիքը ունին: Այդ առումով, ֆրանսահայերուն դերը բաւական մեծ է այս երկրի քաղաքական կեանքին մէջ», աւելցուց Վարժապետեան:
Բանաձեւը Դեկտեմբերի 7ին վաւերացուեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի Սահմանադրական օրէնքներու, օրէնսդրութեան եւ հանրապետութեան ընդհանուր կառավարման հարցերու յանձնաժողովին կողմէ. բանաձեւը կը նախատեսէ մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 45,000 եուրօ տուգանք անոնց համար, որոնք կ՛ուրանան Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: