
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հապերլեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք, Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Պեռնար Աքուայէի յղած է նամակ մը, որուն մէջ փոխանցած է Ֆրանսայի խորհրդարանի օրակարգին վրայ դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը։
Չիչեքի նամակին մէջ նշուած է, թէ յիշեալ օրինագիծի որդեգրումը պիտի վնասէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները։ «Անհրաժեշտ է, որ այս խնդիրը ձգենք պատմաբաններուն», ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը իր նամակին մէջ։
Ֆրանսայի խորհրդարանին զգուշութեան կոչ ընելով՝ Չիչեք աւելցուցած է, թէ «պատմական իրադարձութիւնները խորհրդարաններու կողմէ չեն գրուիր»։
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «խորհրդարաններու պարտականութիւնը պատմական իրադարձութիւնները քննարկելն ու անոնց հիման վրայ պատիժ սահմանող որոշումներ կայացնելը չէ»։ Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ պատմական հարցերը պէտք չէ պատճառ դառնան թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու վատթարացման։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս նման ազդարարութիւն մը կատարած էր: