Հայ Արհեստաւորներու Արտադրած Որակը Գնահատուած Է Միջազգային Չափանիշներով՝ Կ՛ըսէ Ժիրայր Սարգիսեան
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սարգիսեան Ժիրայր ծնած է Լիբանան, Պէյրութ քաղաքի Էշրեֆիէի շրջանը: Այդ փոքր կարծուած տարածաշրջանին վրայ գոյութիւն ունէր Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանը, «St. Gregoire» վարժարանով,
Ոսկերիչներուն նուիրուած «Ասպարէզ»ի այս յատուկ թիւին մէջ ուզեցինք տեղ տալ Ժիրայրի հետ մեր զրոյցին:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր ծնողները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են ձեր ազգային նկարագրի կերտման վրայ:
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Իմ ընկերային եւ գաղափարական կազմաւորումս կը պարտիմ ակումբային միջավայրին, ուր տիրապետող էր ազգային առողջ ոգին, ընկերային ջերմ մթնոլորտը եւ պատկանելիութեան ըմբռնումը:
Փոքր տարիքէս մինչեւ հիմա մաս կը կազմեմ ՀՄԸՄին, ուր իմ նախընտրութիւնս եղած է սկաուտական շարժումը եւ ապա վարչական պատասխանատուութիւնները: Մայրս՝ մէկ տարեկանիս այրի մնալով, ինքզինք նուիրած էր իր չորս մանչերուն հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան: Ինք նուիրուած ըլլալով Հայ Օգնութեան Միութեան եւ հայ եկեղեցիին, քաջալերեց մեզ մաս կազմելու ազգային կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն, այն համոզումով որ բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով եւ առողջ միջավայրի մէջ անհատը կը թրծուի: Իր կեանքի օրինակին հետեւելով, կանուխէն մեր մէջ թափանցեց ազգային գիտակցութիւնը եւ նուիրումի ոգին:
Մեր արկածախնդրական խառնուածքը եւ Ափրիկէի հրապոյրը, նաեւ տնտեսական շարժառիթներէ քաջալերուած, կնոջս եւ մէկ տարեկան դուստրիս հետ, 1970էն սկսեալ վեց տարի բնակեցանք Ռոտեսիա, ներկայիս՝ Զիմպապուէյ, ուր նաեւ ծնան մեր երկու մանչերը: Ժամանակ մը ետք, արագօրէն վատթարացող ցեղային հակամարտութեան անորոշ հեռանկարներն ու մեր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը նկատի ունենալով, 1977ին Ամերիկա գաղթելով հաստատուեցանք Սան Ֆրանսիսքօ, ուր կնոջս՝ Սրբուկին, հետ միասնաբար գործելով՝ հաստատեցինք ու յաջողութեամբ զարգացուցինք մեր գոհարավաճառի արդիւնաւէտ հաստատութիւնը, ուր ներկայիս կը գործեն երկու տասնեակ նուիրեալ հայ եւ ամերիկացի պաշտօնեաներ՝ մեր զաւակներուն առաջնորդութեամբ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչը մղած է ձեզ ոսկերչական ասպարէզին նուիրուելու:
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հանգամանքներու բերումով ես «Բարեբախտութիւնը» ունեցած եմ բարձր ուսումի չհետեւելու: Ես ոսկերչութեան ասպարէզը ընտրած եմ, որովհետեւ զիս միշտ հետաքրքրած են հանքային արտադրութիւնները, թանկարժէք մետաղները եւ բազմատեսակ գոհարները, որոնք արհեստաւորներու երեւակայութեամբ եւ ճարտարութեամբ կը վերածուին զարդերու: Այս ասպարէզին մէջ առաջնորդող դեր ունեցած են պոլսահայ ոսկերիչները: Ես բարեբախտութիւնը ունեցած եմ լիբանանի մէջ աշակերտելու ոսկերչական ասպարէզի մեծանուն վարպետներէն Յարութիւն Յովսէփեանին. ինծի նման շատ մը հայ պատանիներ ու երիտասարդներ իրենց հետագայ յաջողութիւնները կը պարտին անոնց:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Կրնա՞ք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն մասնագիտական որոշ տեղեկութիւններ տալ ադամանդի տեսակներուն ու որակներուն մասին:
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Որակաւոր ադամանդը ունի կարգ մը յատկանիշներ՝ գոյնը, ներքին մաքրութիւնը, տաշուածքը եւ չափը, որոնք կը ճշդեն տուեալ ադամանդին արժէքը: Կան նաեւ զանազան գոյներով հազուագիւտ ադամանդներ. հոս յիշեմ թէ Հայաստանի մէջ կը գործեն կարգ մը ադամանդ տաշող հաստատութիւններ եւ հայ ճարտար արհեստաւորներու արտադրած որակը գնահատուած է միջազգային չափանիշներով: Շնորհիւ համացանցի ընձեռած բազմակողմանի տեղեկութիւններուն, որակը ճշդող առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն, այսօրուայ գնորդը լաւատեղեակ է իր ակնկալութիւններուն. Թելադրելի է նախ քան գնումը՝ «Google»ին դիմել:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Այն հայ երիտասարդները որոնք կ՛ուզեն ոսկերչութեան հետեւիլ, ի՞նչ թելադրանքներ կրնաք տալ:
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Ներկայիս ոսկերչութիւնը ունի գլխաւոր երկու բաժանումներ, ձեռագործ-
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին ոսկիին գինը անհամեմատօրէն բարձրացած է: Ի՞նչ խորհուրդ կ՛ուզէիք տալ մեր ժողովուրդին, կ՛արժէ՞ իրենց խնայողութիւնը ոսկիին կապել, որքանո՞վ ապահով է:
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Ոսկին պատմականօրէն վստահութեան չափանիշ նկատուած է ելեւմտական շուկային եւ պետական գանձատուներուն կողմէ, եւ պարբերաբար, ըստ միջազգային տագնապներու հետեւանքով յառաջացած անորոշութիւններու՝ ոսկիին արժէքը բարձրացած, բայց նաեւ յաճախ անկում կրած է, սակայն երբեք չէ վերադարձած իր նախնական արժէքին: Անշուշտ, նաեւ կախում ունի թէ ո՞վ եւ ի՞նչ արժէքով իր ներդրումը ըրած է: Ինչպէս ամէն սպառողական ապրանք, նաեւ ոսկին ներկայիս անհամեմատօրէն սղած ըլլալով, միջազգային սակարաններու ուշադրութեան առարկան է: Յստակ է բոլորիս, համաշխարհային տնտեսութեան ներկայ ահաւոր տագնապի եւ անոր հետեւանքով թղթադրամներու արժեզրկումի պատճառաւ, ոսկիին արժէքը անհամեմատօրէն բարձրացած է: Բարեբախտաբար Հայաստանի մէջ եւս գոյութիւն ունին որոշ տարողութեամբ ոսկիի հանքեր:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Հայ ոսկերիչներու միութեան վերջին հաւաքը տեղի ունեցաւ 5 Դեկտեմբեր 2011ին, Փարիզի մէջ, հովանաւորութեամբ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան: Նման հաւաքներ ինչո՞վ կրնան օգտակարութիւն ունենալ ոսկերչական ասպարէզին կամ Հայաստանի ոսկերչական շուկային:
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հայ ոսկերիչներու միութիւնը, ըստ երեւոյթին, նոր թափ ստացած է՝ քաջալերանքովը Հայաստանի իշխանութեան: Ոսկերչութիւնը դարեր շարունակ ազգային արհեստ եղած է, տաղանդաւոր վարպետներ արուեստի մակարդակի հասցուցած են այս ասպարէզը: Ներկայիս, հասկնալի պատճառներով, բաղդատած միջազգային չափանիշներու պահանջկոտ որակին, նոյն համեմատութեամբ չէ զարգացած այս ոլորտը: Սակայն հայ ոսկերիչներու միութեան ծրագրուած մօտեցումով, հայաստանաբնակ ոսկերիչներուն բարելաւումի եւ իրենց տաղանդը արժեցնելու հնարաւորութիւն կարելի է ստեղծել՝ ոսկերչութեան զանազան ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալու ձգտող երիտասարդներ արդիական սարքաւորումներով օժտելով, գործատեղիներ եւ դասընթացքներ հաստատելով, եւ ժամանակի ընթացքին արտաքին շուկային բացուելով:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը մտածէք Հայ Դատի համար տարուած աշխատանքներուն մասին, մեր հողային պահանջատիրութեան, հայ թրքական փոխյարաբերութեան մասին, արդեօ՞ք Հայ Դատի համար տարուած աշխատանքները որքանո՞վ բաւարար կը նկատէք:
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հայ Դատի սահմանումը մեզի պարտադրուած ճակատագիրին մաս կազմող իրավիճակէն կը բխի, Ցեղասպանութեան մութ ծալքերուն տակ գոյութիւն ունեցող քաղաքական, տնտեսական, տարածքային եւ հոգեբանական բազմակողմանի երեսներով: Հայ Դատի հետապնդումը առանցքային տեղ կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ, բայց չպէտք է թուլանալ: Հայ Դատը, պարզապէս հրապարակ նետուած կարգախօս մը չէ, մենք՝ ազգովին արդարութիւն պահանջող, գործուած պատմական ոճիր մը մատնանշող, դատապարտող եւ ամբաստանող կողմ ենք, դատապարտեալի աթոռին վրայ գամուած պահելով բոլոր ուրացողները: Շնորհիւ տասնամեակներու վրայ երկարող մեր անդուլ պայքարին, թէեւ խորհրդանշական, արդէն իսկ որոշ տեղաշարժներ կը նշմարուին զանազան ճակատներու վրայ: Կարեւորը հայրենիք եւ Սփիւռք միացեալ ճիգով յառաջ մղելն է այդ պայքարը, որպէսզի օր մը, բախտաւոր սերունդ մը ձերբազատուի այս ճնշիչ հոգեվիճակէն: