ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

2011ը կը փակենք, ազգային–քաղաքական գետնի վրայ, դրական հաշուեկշռով։
Թէեւ ընկրկումներ արձանագրուեցան 2011ին եւս, բայց ձեռքբերումները գերակշռեցին։
Անշուշտ՝ յարաբերական առումով։
Բաղդատաբար 2010ին, հայ ժողովուրդը 2011ին յառաջխաղացք արձանագրեց որոշապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Տարի մը առաջ լուրջ դժուարութիւն ունէինք զիրար հասկնալու եւ, մանաւա՛նդ, ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները տարհամոզելու, որ «Հայեւթուրք Արձանագրութիւն»ն ու զայն կեանքի կոչող «Ֆութպոլային Դիւանագիտութիւնը» ի սկզբանէ անհեթեթ էին ու դատապարտուած ցնորք մնալու, այլեւ՝ վնասելու Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն։
Անկասկած այսօր ալ, 2011ի աւարտին եւս, դժուար է վերջնականապէս փակուած համարել հայ քաղաքական միտքը երկփեղկող ներքին այդ վէճը, որովհետեւ տակաւին պարբերաբար լսելի կը դառնան Թուրքիոյ նորօրեայ իշխանութիւններէն դրական շրջադարձ ակնկալելու պաշտօնական Երեւանի լաւատեսական զեղումներն ու անհող խանդավառութիւնները։
Այսուհանդերձ՝ դրական տեղաշարժ մը բացայայտ է։ Նուազած է հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման, բարի–դրացիութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ բռնազբօսիկ ճարտասանութիւնը։ Ընդհակառակն՝ շեշտուած է թրքական ուրացումներուն ու կողմնակալութեան (ի նպաստ Ատրպէյճանի) դէմ դատապարտումի վարքագիծը եւ հայ քաղաքական միտքը, իր գլխաւոր թեւերով, այս կամ այն չափով լծուած է Թուրքիոյ վրայ պահանջատիրական ճնշումը ուժեղացնելու զօրաշարժին։
Այդ իմաստով մեծապէս ուսանելի եղաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Դեկտեմբեր 22ի պատմական նիստը, որ հակառակ Թուրքիոյ իշխանութեանց ջղագար միջամտութիւններուն եւ սպառնական հակազդեցութեանց, վաւերացուց Ցեղասպանութեան (այդ կարգին նաեւ ու մանաւանդ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան) ժխտումը քրէական յանցանք հռչակող օրինագիծը։
Մարդկային իրաւանց, ազատութեանց եւ արդար դատերու պաշտպանութեան մարզին մէջ Ֆրանսա յառաջապահի ու դրօշակիրի անվիճելի վաստակ ունի։ Հետեւաբար անակնկալ մը չէր Դեկտեմբեր 22ին Ֆրանսայի ցուցաբերած հաստատակամութիւնը։
Բայց միայն անցեալի աւանդով չի բացատրուիր Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին խիզախ կեցուածքը, որ թրքական իշխանութեանց սպառնալիքները արհամարհելու եւ միջ–պետական շահաւէտ գործակցութիւնները վտանգելու գնով՝ կառչած մնաց Ցեղասպանութեան ժխտումը իբրեւ քրէական յանցանք պատժելու օրէնսդրական քայլին։
Անշուշտ նախընտրական տարի է Ֆրանսայի համար ու նախագահ Սարքոզի եւ իր կուսակցութիւնը կ՛ուզէին սիրաշահիլ ֆրանսահայ քուէները։ Նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները շահագրգռուած էին հայկական քուէներուն բաւարարութիւն տուող նման օրինագծի մը վաւերացումով։
Կարելի չէ բացառել, նաեւ, որ նոյնինքն Ցեղասպանութեան ժխտումին հետ ուղղակիօրէն կապ չունեցող քաղաքական պատճառներ այլապէս դեր ունեցած ըլլան թուրքեւֆրանսական յարաբերութեանց այսօրինակ լարումին եւ վատթարացման մէջ։ Քաղաքական մեկնաբաններուն կը մնայ յստակացնել, թէ այս անգամ Ֆրանսա ինչո՛ւ ճշդեց այս աստիճան կարծր կեցուածք։ Ի վերջոյ անցեալին պատահած են բազում դէպքեր, երբ արդար դատերու նոյն ջերմեռանդ պաշտպան Ֆրանսան իր բարոյական եւ գաղափարական դիրքերէն նահանջ արձանագրած էր՝ յանուն իր միջ–պետական շահերուն պաշտպանութեան։
Այս բոլորէն մեկնելով է, որ հայ քաղաքական միտքը կրնայ անհրաժեշտ դասերը քաղել։
Ֆրանսայի հաստատակամութիւնը վստահաբար շատ բան պիտի կորսնցնէր իր ուժականութենէն, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակէին հետեւիլ 2008էն ետք որդեգրուած նախագահ Սարգսեանի «ծրագրային ուղեգծին»՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու «բնականոնացման» ուղղութեամբ…
Ցեղասպան Թուրքիոյ նկատմամբ ՀՀ իշխանութեանց զիջողական քաղաքականութիւնը փաստօրէն լուրջ վնաս հասցուց Հայ Դատի պահանջատիրութեան։ Ոչ միայն Ֆրանսան, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքը նորովի թափ տուին Թուրքիան դարպասելու վարքագծին, որ բառին քաղաքական իմաստով գինովցուց վարչապետ Էրտօղանն ու անոր կառավարող կուսակցութիւնը։
Թուրքիան տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւնը անվերջ չարաշահեց եւ ծառայեցուց Հայաստանն ու հայութիւնը անձնատուութեան մղելու իր քաղաքականութեան։ Հայասպանութեան համար ամբողջ տասնամեակներ անպատիժ մնալէ ետք, ցեղասպանը նաեւ իր ուրացումներուն ու ժխտումներուն ի նպաստ ձայնակցողներ գտաւ միջազգային բեմի վրայ։ Այն աստիճան, որ շրջանային իր դերակատարութեան ուռճացումին ի սպաս շահարկել սկսաւ «հաշտարար» եւ «խաղաղարար» ուժի իր կեղծ «բարի վարուց վկայագիրները»… աջին ու ձախին դէմ սուր ճօճելու համար։
Մինչեւ որ դանակը հասաւ Ֆրանսայի ոսկորին։
2011ի հաշուեկշիռը այս աստիճան դրական եւ ուսանելի արդիւնք ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային–քաղաքական կեանքին մէջ։
Թուրքիան փաստօրէն մերկացաւ իր պսպղուն հանդերձանքէն եւ Ցեղասպանի իր ողջ կամակորութեամբ ներկայացաւ հանրային կարծիքին։
Կը մնայ, որ հայ քաղաքական միտքը տէր կանգնի արձանագրուած յաջողութեան՝ որպէսզի համադրուին աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերը եւ որպէսզի ներդաշնակուին Հայ Դատի յաղթանակին առաջնորդող պետական թէ քաղաքական բազմամակարդակ մեր քայլերը։