ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆայիք Պակիրով, թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Կ՛ուզենք, որ Թուրքիան ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր դառնայ»։ Դեսպանը աւելցուցած է, որ Պաքու տակաւին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի մէջ Ֆրանսայի համանախագահութիւնը փոխարինելու հարցը չէ բարձրացուցած։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումէն ետք, Ֆրանսա պէտք է դադրի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մէջ իր միջնորդութենէն։
Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Խալուք Քոչ եւս յայտարարած է, թէ սոյն օրինագիծի որդեգրումով՝ «հասկնալի դարձած է, որ Ֆրանսա ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի կազմին մէջ չի կրնար չէզոք մնալ»։
«Մենք թրքական սփիւռքին կոչ կ՛ընենք դատարաններ դիմելու եւ բողոքի ցոյցեր կատարելու», աւելցուցած է ան: