ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին, 2011ի արտաքին քաղաքական հիմնական իրադարձութիւններու ամփոփումը հրապարակած է իր պաշտօնական կայքին վրայ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ վարուած բանակցութիւնները ներառնուած են 22 կէտերէ բաղկացած կարեւորագոյն իրադարձութիւններու ցուցակին մէջ: Ընդգծուած է, որ հակամարտութիւններու բազմակողմ, արդար, քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման գործին մէջ միջազգային հաւաքական ջանքերու գործադրումը կարեւոր եղած է:
«Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումները՝ Սոչիի (Մարտին) եւ Քազանի (Յունիսին) մէջ, որոնց ընթացքին կարելի եղած է փոխըմբռնումի հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հանգուցային հարցերուն շուրջ», նշուած է ամփոփման մէջ: