
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, թրքական «TV 24» կայանէն Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսա կը սրբագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը երկրի խորհրդարանին մէջ վաւերացնելու իր «աններելի սխալ»ը:
Անդրադառնալով վաւերացուած օրինագիծին՝ Կիւլ ըսած է. «Ազատութիւններու հայրենիք համարուող Ֆրանսայի նման երկիրի մը մէջ, պաշտօնական տեսակէտէն տարբեր կարծիք մը արտայայտելու համար պատիժի ենթարկուիլը՝ անհասկնալի երեւոյթ է»:
Կիւլ անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին: Ան շեշտած է, որ արձանագրութիւններուն կապակցութեամբ Թուրքիան խորհրդակցած է նաեւ Ատրպէյճանի հետ: «Բոլորն ալ դրական արտայայտուած են գործընթացին մասին: Սակայն, ներկայիս վիճակը ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Ատրպէյճանի եւ ոչ ալ Հայաստանի համար նպաստաւոր է: Ներկայ վիճակէն դուրս գալու ճանապարհը բոլորին յայտնի է, բայց կարելի չեղաւ հոն հասնիլ: Անհրաժեշտ է, որ շրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կապեր ստեղծուի», աւելցուցած է ան, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները շատ դանդաղած են:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր դարձեալ զայրոյթ յայտնած է օրինագիծին առթիւ եւ ըսած է, որ այսպիսի պատահարներու դիմաց փոխանակ այդ վայրկեանին յատուկ հակազդեցութիւններ ցոյց տալու, պէտք է «գիտական տուեալներու» վրայ հիմնուած մնայուն լուծումներ յառաջ քշել։ Էրտողան Թուրքիոյ համալսարանները պարտականութեան գլուխ հրաւիրած է՝ «1915ի պատահարներու» քննարկման հարցին մէջ։
Վարչապետը դիտել տուած է, որ կարգ մը երկիրներ, որոնք անհանգստացած են Թուրքիոյ տնտեսական ուժէն, այժմ որոշ միջոցներու կը դիմեն՝ Թուրքիան նեղ կացութեան մատնելու համար։ «Մենք նկատի պիտի առնենք ոչ թէ խորհրդարաններու կողմէ ընդունուած օրէնքները, այլ այն գիրքերն ու փաստաթուղթերը, որոնք կան մեր գրադարաններուն մէջ», եզրակացուցած է ան:
Նաեւ, Կովկասի իսլամներու ղեկավար Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ յայտարարած է, որ օրինագիծին վաւերացումը ուղղուած է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ՝ Ատրպէյճանի դէմ. ան կասկածի տակ կը դնէ Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման հնարաւորութիւնը։ «Քրիստոնէական շատ լաւ պատուիրան մը կայ՝ «Մի դատեր, որ չդատուիս». ցաւօք սրտի, ժողովրդավարութեան եւ եւրոպական մշակոյթի օրրան համարուող Ծերակոյտը (ըսել կ՛ուզէ խորհրդարանը) խիստ հակասական եւ վտանգաւոր որոշում որդեգրեց», նշած է Փաշազատէ, աւելցնելով, որ օրինագիծը հիմնուած է կեղծիքի ու պատմութեան խեղաթիւրման վրայ, եւ ազգամիջեան երկպառակութիւն հրահրելու ուղղուածութիւն ունի։
«Ասիկա յստակ հակաժողովրդավարական օրէնք է, որ կը սահմանափակէ մարդու խօսքի եւ միտքի ազատութեան իրաւունքը։ Եթէ ֆրանսացի խորհրդարանականները արդարութեան նման ջատագովներ են, ապա ինչո՞ւ իրենց ձայնը չբարձրացուցին 1992ի Խոջալուի մէջ ատրպէյճանցիներու ցեղասպանութեան ժամանակ», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, թրքական սպառնալիքներու թիրախ դարձած ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, որ բանաձեւը խորհրդարան ներկայացուցած էր, բացատրած է բոլոր այն պատճառները, որոնց հիման վրայ առաջարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը։
«Այն ֆրանսացիները, որոնք ծագումով հայ են, կ՛ապրին Ֆրանսայի մէջ, իրաւունք ունին պաշտպանուելու բոլոր այն մարդոցմէ, որոնք կ՛արատաւորեն իրենց նախնիներու յիշատակը։ Այս օրէնքին նպատակն է պատժել անոնք, որոնք մեր տարածքին մէջ պիտի վիճարկեն ցեղասպանութեան փաստը։ Թուրքիոյ իշխանութիւնը նախ եւ առաջ չի յարգեր Ֆրանսայի գերիշխանութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի մեր հանրապետութեան ներքին գործերու միջամտութեան։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Ռուսիոյ, Գանատայի, Արժանթինի, Իտալիոյ, Շուէտի եւ նոյնիսկ Գերմանիոյ մէջ, սակայն այս երկիրներէն ոչ մէկուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են։ Արդեօք Ֆրանսան մարդկային իրաւանց երկիր չէ՞», գրած է Պուայէ։