ԵՐԵՒԱՆ, «Առկա».- «ՎիվաՍել» ընկերութեան Յունուար 10ի հաղորդագրութեան համաձայն, ընկերութեան ծառայութեան միջոցով 31 Դեկտեմբեր 2011 – 1 Յունուար 2012 առաքուած է աւելի քան 7,5 միլիոն կարճ նամակ եւ հաստատուած է 37,3 միլիոն հեռաձայնային կապ։
Անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ հեռաձայններու հաղորդակցութեան թիւը աճած է 0.22 առ հարիւրով:
Նշենք, որ «ՎիվաՍել»ը հայկական շուկային մէջ կը գործէ 2005էն ի վեր: Անոր բաժնետոմսերուն 80 առ հարիւրը կը պատկանի Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ բջիջային մեծագոյն ընկերութեան «Բջիջային հեռահամակարգեր» ուն, իսկ մնացեալ 20 առ հարիւրը՝ «Ֆաթթուշ կրուփ» լիբանանեան խումբին: