
ԵՐԵՒԱՆ.– «Գրական թերթի» գլխաւոր խմբագիր Սամուէլ Կոսեանը հաւանաբար փոխարինուի Կարինէ Խոդիկեանով, որ արդէն մէկ անգամուան համար, մինչեւ մշակոյթի փոխնախարար նշանակուիլը, եղած է «Գրական թեր»չի գլխաւոր խմբագիր եւ արժանացած է գրողներու գոհունակութեան: «Ընդամէնը առաջարկ է եղել Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի կողմից, բայց ես դեռ չեմ տուել իմ համաձայնութիւնը: Ես իմ պայմաններն եմ առաջարկելու, որ դեռ պէտք է քննարկենք: Մի քիչ շուտ է իմ խմբագիր լինելու մասին խօսելը», տեղեկացուց Կարինէ Խոդիկեան: