
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 13ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է խորհրդային հետախոյզ Գէորգ Վարդանեանի թաղումը, որուն մասնակցած Է նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին:
Ականաւոր հետախոյզին մարմինը ամփոփուած է Մոսկուայի Դրեգուրովսքոյէ գերազմանատան մէջ, ուր ծաղիկներ զետեղած է Փութին եւ զրուցած՝ հանգուցեալի հարազատներուն հետ:
Բացի Ռուսիոյ վարչապետէն յուղարկաւորութեան մասնակցած են նաեւ երկրի արտաքին հետախուզութեան ղեկավար Միխայիլ Ֆրատքով, գերատեսչութեան նախկին ղեկավարներ Եւկենի Փրիմաքով եւ Սերգէյ Լեպետեւ, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը, հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ Գէորգ Վարդանեանի ծառայակիցները:
Փութին արդէն իսկ ցաւակացական հեռագիր ուղարկած էր հետախոյզի հարազատներուն՝ մասնաւորաբար նշելով, որ Գէորգ Վարդանեան ապրած է պատկառելի, արդիւնաւէտ ու բովանդակալից կեանք մը, որ լի եղած է հերոսական իրադարձութիւններով: Ան բարձրագոյն կարգի մասնագէտ էր եւ առասպելական Էջեր գրած է հայրենական արտաքին հետախուզութեան պատմութեան մէջ:
Նշենք, որ Գէորգ Վարդանեան մահացած էր Յունուար 10ին։