
ԼՈՆՏՈՆ.- Թուրք պատմաբան, Մինեսոթայի համալսարանի փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման եւ այդ առնչութեամբ Թուր-քիոյ արձագանգին՝ նշելով, որ ատիկա կարելի է կոչել բուռն արձագանգ: «Ֆրանսան քարկոծելու փոխարէն, սակայն, Թուրքիան պէտք է սեփական պատմութիւնը վերանայի եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հակառակ պարագային, Թուրքիան իրաւունք պիտի չունենայ անդամակցելու Եւրոպական միութեան», ընդգծած է Թաներ Աքչամ։ Պատասխանելով թրքական հանրային կարծիքին ունեցած արձագանգին՝ ան ըսած է. «Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած օրինագիծը մեծ դիմադրութեան կը հանդիպի, սակայն վստահ եմ, որ իրականութեան մէջ անոնք չեն գիտեր իրականութիւնը: Թուրքիոյ մեծագոյն խնդիրը այն է, որ մարդիկ չեն գիտեր իրական պատմութիւնը, չեն գիտեր, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915ին: Թուրքիան ոչ թէ օրէնքներու, այլ՝ կրթութեան կարիք ունի: Թուրքիոյ ժողովուրդը պէտք է գիտնայ 1915ին տեղի ունեցած իրադարձութեան մասին»:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ Ֆրանսայի համար կարեւո՞ր է նման օրինագիծի ընդունումը, երբ կը պնդեն, թէ Ֆրանսան ի՛նքը պէտք է իր գաղութային անցեալին վերաբերեալ շատ հարցերու պատասխանէ՝ Թաներ Աքչամ ըսած է. «Եւրոպայի մէջ ներկայիս տարածուած է ցեղապաշտական եւ այլատեացութեան դէմ օրէնքներու ընդունումը: 2007ին ԵԽ որոշում կայացուցած է ընդունելու օրէնքներ, որոնք կը քննադատեն ցեղասպանութիւնը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, պատերազմը, եւ Ֆրանսան այս օրէնքը ընդունած է՝ համաձայն այդ որոշումին: Այլ հարց է՝ արդեօք պէ՞տք է նոր օրէնք ընդունիլ, որ կը քննադատէ Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ զայն կը դասէ ոճիրներու շարքին»:
Խօսելով ֆրանսական-թրքական յարաբերութիւններու հաւանական վատթարացման մասին՝ փրոֆեսէօր Աքչամ ըսած է, թէ բնականաբար սկզբնական շրջանին օրինագիծը վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ, բայց աւելի ուշ Թուրքիան պիտի ընդունի իր պատմութիւնը, եւ այս մէկը պիտի դառնայ դրական արդիւնք: