
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի դատարաններէն մէկուն մէջ Յունուար 13ին շարունակուեցաւ Հայաստանի ճանապարհային ոստիկանութեան նախկին պետ Մարգար Օհանեանի դատավարութիւնը, որուն ընթացքին հարցաքննուեցան չորս վկաներ, որոնց յատկապէս հարց կը տրուէր այն մասին, որ արդեօք 2009-2011 ժամանակահատուածին արձանագրուա՞ծ են պարագաներ, երբ ստորագրած են մեծ քանակութեամբ պենզինի հաշուետուութեան տակ, բայց իրականութեան մէջ աւելի քիչ վառելանիւթ ստացած են։
Չորս վկաներէն երեքը՝ հրամանատարներ Կարէն Օհանեան, Արմէն Սարգսան եւ Ճանապարհային ոստիկանութեան ֆինանսական բաժինի պետ Արմէն Մնացականեան պնդեցին, որ վառելանիւթի առնչուած ոչ մէկ նման դէպք պատահած է:
Ճանապարհային ոստիկանութեան երկրորդ գումարտակի առաջին վաշտի նախկին հրամանատար Ստեփան Սեդրակեան միակն էր, որ յայտարարեց, թէ ինքը մեղադրեալ Ստեփան Կարախանեանի կողմէ բանեցուած ճնշումին տակ նման ստացագիր ստորագրած է, մինչ ինք աւելի քիչ քանակութեամբ վառելանիւթ ստացած է։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ քիչ վառելանիւթով կարելի՞ էր բնական աշխատիլ՝ Սեդրակեան «այո» ըսած է։
Յաջորդ հարցէն ետք վկան հրաժարեցաւ ներկայացուցած տուեալներէն՝ ըսելով, թէ «չյիշելով» նման յայտարարութիւններ ըրած է, ու բոլոր հարցումներուն իբրեւ պատասխան ըսաւ, թէ ոչինչ կը յիշէ:
2011 Մայիսին աշխատանքէ դադրեցուած, այժմ վկայ Ստեփան Սեդրակեանին անձամբ հարցեր տուաւ Մարգար Օհանեանին՝ նշելով. «Դուք նոր նշեցիք, որ 1980ից ճանաչում ենք իրար: Եղե՞լ է օր, որ, ասենք, դուք զանգահարէք ձեր բջջային հեռախօսով, ես չվերցնեմ հեռախօսը, կամ, եթէ չեմ վերցրել, անմիջապէս 15 րոպէ յետոյ չզանգահարեմ: Չի եղել: Անձնական հարցերով ինձ մօտ եկե՞լ էք, խօսե՞լ էք, միասին ընդմիջումներ արե՞լ ենք, եկեղեցում մոմ վառե՞լ ենք»: Ստանալով դրական պատասխան՝ Օհանեան շարունակեց. «Դուք ասում էք, որ պակաս պենզին էք ստացել 2009ից մինչեւ ձեր աշխատանքի աւարտը: Այդ ընթացքում մենք յաճախակի հանդիպե՞լ ենք: Ինչո՞ւ ինձ չէիք ասել, որ պարոն Կարախանեանը պակաս պենզին է տալիս»:
Սեդրակեան պատասխանեց, թէ կրնար ըսել, բայց չէ ըսած։
Վկայի յիշողութիւնը փորձեց ստուգել մեղադրեալ Ստեփան Կարախանեանի փաստաբանը՝ հարցնելով, թէ արդեօք երկու տարի շարունա՞կ քիչ պենզին ստացած է: Վկան ըսաւ, թէ չի յիշեր:
Օհանեան անգամ մը եւս Սեդրակեանին ճշմարտութիւնը ըսելու կոչ ուղղեց. «Ստեփան Սարիբեկիչ, խնդրում եմ դատարանին ճիշդը ասէք. այդ թուերը, որ դուք ասում էք, ձեզ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում կամ որեւիցէ մէկը թելադրե՞լ են ձեզ»: «Իրանք ուղղութիւն են ասել երեւի», պատասխանեց վկան՝ աւելցնելով. «Ինչ որ կայ, ես իմ յիշելով եմ գրել»:
Նշենք, որ Սեպտեմբերին Յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ տուած վկայութեան ատեն Կարախանեան յստակ թիւեր նշած էր: Դատարանին մէջ ընթերցուեցաւ անոր նախաքննական ցուցմունքը, ուր ան նշած էր, թէ, օրինակ, վաշտը ամսական ստացած է 3100 լիթր պենզին, բայց գումարտակի հրամանատար Կարախանեանի կարգադրութեամբ՝ հաշուետուութեան մէջ նշած է, թէ ստացած է 8-10 հազար լիթր պենզին: Երկրորդ անգամ տուած վկայութեան մէջ Սեդրակեան այլ թիւեր կը նշէ։
Վկայութիւններու հրապարակումէն ետք, պատասխանելով դատաւորի հարցին, վկան կրկնեց նախաքննութեան ընթացքին տուած թիւերը:
Սեդրակեանի հարցաքննութիւնը այսպիսով աւարտեցաւ: Դատաքննութիւնը պիտի շարունակուի Յունուար 19ին: